ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Յունիս 16-ին պիտի ներկայացուի Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին:
1915ի հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններուն հարցը որպէս ցեղասպանութիւն պիտի ներկայացնէ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս:
Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» խորագրուած երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին Քոքս յայտարարած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Բրիտանիոյ դիրքորոշման մէջ որոշակի փոփոխութիւններ ակնկալելի են: