Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի եւս աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը հայկական համայնքներէն ներս 19 Յունուար Շաբաթ օր, յարգանքի տուրք մատուցեց « Ակօս » շաբաթաթերթի խմբագիր ողբացեալ Հրանդ Տինքի ողբերգական մահուան 12 րդ. տարելիցին առիթով, որ ան նենգ մահափորձի մը ենթարկուած էր խմբագրատան դրան առջեւ։
Թորոնթոյի մէջ ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, 20 Յունուար 2019 կիրակի, յետ միջօրէի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի, մասնակցութեամբ`Թորոնթոյի մէջ գործող բոլոր միութիւններու։ Հակառակ աննպաստ օդին սրահը լեցուն էր հոծ բազմութեամբ։
Կազմակերպութեան անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Սուսանի, ան ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ի յարգանս Հրանդ Տինքի։ Հակիրճ կերպով տեղեկութիւններ փոխանցեց Հրանդ Տինքի կեանքէն, յայտնեց թէ ան պարզապէս զոհուեցաւ այն պատճառով, որ հայ էր եւ կը փորձէր հայութեան ձայնը աշխարհին լսելի դարձնել։ Իր բոլոր քայլերը ուղղուած էին լաւ, արդար, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտելու: Ան նաեւ հայ էր` իբրեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, մտահոգ էր հայութեան խնդիրներով:
Գեղարուեստական բաժնին մէջ դաշնամուրի վրայ Վրէժ Ղազարեան վարպետօրէն մեկնաբանեց «Հեռացած Ընկերներ» կտորը։ Դարձեալ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի, Դալար Սիմոնեան իր գեղեցիկ ձայնով մեներգեց երկու երգեր «Երեւան» եւ «Տուն իմ Հայրենի» կտորները։ Ապա Համօ Արզումանեան հանդէս եկաւ ու իր կիթառով մեկնաբանեց «Արեան Կանչը Հրանդ Տինք» կտորը։ Բոլոր երիտասարդ արուեստագէտները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։
Այնուհետեւ Թորոնթոյի Նոր Հայ Հորիզոն Հեռատեսիլի վաստակաւոր հաղորդավար Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան սքայբով անգլերէն լեզուով հարցազրոյց մը կատարեց յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, ինչպէս նաեւ պանդոկներու եւ զբօսաշրջիկներու բացատրական ուղեցոյց գիրքերու հեղինակ Սեւան Նշանեանի հետ, որ ներկայիս կ՚ապրի յունաստանի կղզիներէն մէկուն մէջ։ Այս հարցազրոյցը մի քանի օրեր առաջ արձանագրուած էր եւ ցոյց տրուեցաւ սրահին պատերուն վրայ դրուած զոյգ պաստառներու վրայ։ Նշանեան խօսքի ազատութեան իր բերած մեծ ներդրումին համար 2004 թ. Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան կողմէ «Այշէ Նուր Զարաքօղլու Ազատութեան» մրցանակին արժանացած էր։
Դոկտ. Գուլաճեան, Սեւան Նշանեան անձը ներկայացնելէ վերջ, Նշանեան իր կեանքին եւ գործունէութիւններուն մասին հարցուած հարցումներուն լայնօրէն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Հարցուեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայոց կենցաղին, դպրոցներու ներկայ վիճակին, նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ներկայ յարաբերութիւններու մասին։ Հարցուեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի տարած աշխատանքներուն, իր մահուընէ առաջ ինչեր պատճառ եղան որոնք Հրանդը առաջնորդեցին սպաննութեան, Հրանդին հրատարակած « Ակօս » թերթի բովանդակութեան եւ որպէս վերջին հարցում ինչեր են իր ներկայ աշխատանքները եւ ծրագիրները։
Սեւան Նշանեան հանգամանօրէն պատասխանեց բոլոր հարցումներուն, որոնք արժանացան ներկաներու գնահատական ծափահարութիւններուն։