Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Սիլվա Կապուտիկեան իր ողջ կեանքը ապրեցաւ ժողովուրդի ցաւերով»

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակին առիթով։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Հայ ականաւոր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-րդ տարեդարձը հրաշալի առիթ է յիշելու, գնահատելու հայ մեծ մտաւորականը, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան ու մեծարանքի խօսքեր հնչեցնելու անոր հասցէին։

Դեռ քսան տարեկանին գրական շռնդալից մուտքով՝ ան դարձաւ շատ գրասէրներու ուշադրութեան եւ հիացմունքի առարկան, իսկ 24 տարեկանին գրած «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութեամբ արդէն ձեռք բերաւ համազգային ճանաչում եւ ընդունելութիւն։ Այս պատգամ բանաստեղծութիւնը տեսակ մը դարձաւ հայրենասիրութեան եւ հայապահպանութեան դրօշ ու կարգախօս թէ’ մայր հայրենիքի, թէ’ սփիւռքի մէջ։

Դեռ հեռաւոր 1959 թուականէն ան լծուեցաւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան դժուար գործին՝ յստակ գիտակցելով, որ փշոտ պիտի ըլլայ ազատութեան ճանապարհը։

Սիլվա Կապուտիկեան իր ողջ կեանքին ընթացքին ապրեցաւ իր ժողովուրդի, անոր բոլոր հատուածներու եւ խաւերու ցաւերով ու մտահոգութիւններով։ Անոր արձակը, հրապարակախօսութիւնը, անոր հասարակական ու քաղաքական գործունէութիւնը արժանի են ոչ միայն համընդհանուր գնահատանքի, այլեւ մանրամասն ուսումնասիրութեան։ Համոզուած եմ, որ նոր սերունդը ուսանելի շատ բան պիտի գտնէ անոնց մէջ։

Կը շնորհաւորեմ մեծանուն բանաստեղծուհիի բանաստեղծութեան սիրահարները եւ ընդհանրապէս մեր ընթերցասէր հասարակայնութիւնը այս գեղեցիկ յոբելեանին առիթով»։