Ռոթերտամի միջազգային 48-րդ փառատօնի առանցքային ծրագիրերէն մէկը՝ «Շարժանկարի տաճարը», պիտի նուիրուի հայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովին։
ՀՀ շարժանկարի ազգային կեդրոնի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ փարաջանովեան ծրագիրը նախաձեռնած են Ռոթերտամի փառատօնի կազմակերպիչները, Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնը եւ բրիտանացի անկախ արտադրող Տէնիէլ Պըրտը։ Ռոթերտամի փառատօնին՝ առանձին ընդարձակ ծրագիրով մը՝ հայկական շարժանկարի նորովի ներկայութիւնը հրաշալի հնարաւորութիւն է՝ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հայկական շարժանկարի արուեստն ու պատմութիւնը։
Նշենք, որ առաջին անգամ, Սերգէյ Փարաջանովը 1988-ին հրաւիրուած է՝ մասնակցելու Ռոթերտամի փառատօնին։