Սիլվա Կապուտիկեանի յոբելեանին նուիրուած նամականիշ

Գրող, բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին, անոր նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի կողմէ հրապարակուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է մեծանուն գրողի նամականիշը: Հրապարակման հանդիսաւոր արարողութիւնը իրականացած է  Յունուար 22-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Կապուտիկեանը, խորապէս ճանչնալով իր եւ իր ժողովուրդին անցեալը, կենսագրութիւնը, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ արտայայտեց հայու ճակատագիրը, հայ մարդու կեցութիւնը, ընթացիկ կեանքի խնդիրները, հասարակական, քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող հարցերը»,- նշած է գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:

Անոր խօսքով` Կապուտիկեանը հայ կնոջ, հայ մօր, մայրիշխանութենէն եկած արթուն բնազդով մարդ էր, որ կը փափաքէր պահպանել երկիրը, հայ քաղաքացին, սատարել սփիւռքահայերուն: «Անոր «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութիւնը դարձաւ Սփիւռքի լեզուապահպանման հիմքը»,- շեշտած է Միլիտոնեան:

120 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ`30 000 տպաքանակով: Նամականիշին ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեան:

Նամականիշին վրայ պատկերուած է Սիլվա Կապուտիկեանը` իր հերթական ստեղծագործութեան վրայ աշխատելու պահուն:

Հրապարակման օրը` 22 Յունուար 2019թ.

Ձեւաւորումը` Դաւիթ Տովլաթեան

Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա

Չափերը` 30,0 x 40,0 մմ

Տպաքանակը` 30 000 հ.