Տեղի ունեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Մեղուները» եւ «Սիլվա Կապուտիկեան 100» գիրքերու շնորհանդէսը

Գրող, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին երգեր հեղինակի բանաստեղծութիւններոու հիման վրայ, ընթերցուեցան Կապուտիկեանի հանրայայտ գործերը, տեղի ունեցան գիրքերու շնորհանդէսներ  եւ իրենց ելոյթներով Կապուտիկեանին շնորհաւորեցին ականաւոր գործիչները:

Գրական-գեղարուեստական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յունուար 22-ին Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ:

Ցերեկոյթին ընթերցուեցաւ Կապուտիկեանի յոբելեանին ուղղուած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը:

Գրողներու միութեան նախագահ էտուարդ Միլիտօնեան ընդգծեց, որ Կապուտիկեան անցած է գրական մեծ ճանապարհ: «Շուրջ 25 գիրքերու, բազմաթիւ թարգմանուած ժողովածուներու եւ հատորներու հեղինակ է` լայնօրէն ճանչցուած եւ սիրուած է նաեւ սփիւռքի մէջ: Ես տեսած եմ, թէ Մոսկուայի մէջ ինչ սիրով կ՛արտասանէին անոր բանաստեղծութիւնները: Անոր գիրը ընդգրկուն է` լայն թեմատիկայով»,-ներկայացուց Միլիտօնեան: Միութեան նախագահը աւելցուց, որ Կապուտիկեան  խիզախ հայ կնոջ կերպար էր եւ խիզախ էր նաեւ իր նկատմամբ:

Ձեռնարկին երաժշտական կտորներով հանդէս եկան Ռուբէն Սահակեան, Մարիաննա Աւետիսեան, Արմէն Դանիէլեան:

Տեղի ունեցան «Մեղուները», որ նկարազարդած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող երեխաները,  եւ «Սիլվա Կապուտիկեան 100» գիրքերու շնորհանդէսները:

Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայփոստ»-ի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ մեծանուն գրողի նամականիշը: