Մատենադարանի մասնագէտները պիտի վերականգնեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վնասուած ձեռագիրները

Վերջին տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ վնասուած ձեռագիրները պիտի վերականգնուին Մատենադարանի մէջ, Հայաստանի մասնագէտներու օգնութեանմբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարան ուսումնարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

«Կը նախատեսուի նոր, խոշոր ծրագիր իրականացնել, որուն հիմքերը դրուած են 2018-ին: Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ձեռագիրներու 9 վերականգնող՝ UNESCO-ի աջակցութեամբ՝ եկաւ Հայաստան, եւ Մատենադարանի մասնագէտները մէկ շաբթուան դասընթաց կազմակերպեցին՝ որակաւորման բարձրացման, գիտելիքներու խորացման նպատակով: Մեր գործընկերները շատ գոհ էին արդիւնքներէն: UNSECO-ի համար անիկա համարուեցաւ յաջող ծրագիրներէն մէկը»,- ըսած է Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

Կատարուած աշխատանքին հիման վրայ՝ դրուած են աւելի խոշոր ծրագիրի մը հիմքերը: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերջին տարիներուն մշակութային արժէքները մեծապէս վնասուած են, բաւական տուժած են: Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի խօսքով, կը նախատեսուի, որ Մատենադարանը դառնայ տարածաշրջանային կեդրոն նման ձեռագիրներու վերականգնման համար:

«Անոնք խումբ առ խումբ պիտի բերուին Հայաստան, պիտի վերականգնուին եւ վերադարձուին: Ասիկա, կը կարծեմ, պիտի ունենայ ինչպէս մշակութային, այնպէս ալ քաղաքական նշանակութիւն: Ուրախութեամբ կ՝ուզեմ ըսել, որ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէի միջեւ վերջերս կայացած հանդիպման ընթացքին եւս այդ հարցը քննարկուած է: Կը սպասենք ծրագիրի վերջնական հաստատման»,- ըսած է Մատենադարանի տնօրէնը: