Քանի մը տարիէ ի վեր ծրագրուած ու սպասուած Նիւ Եորքի Մեթրոբոլիթըն արուեստի թանգարանի մէջ «Հայաստան» ցուցահանդէսին բացումը մեծ շուքով կատարուեցաւ 24 Սեպտեմբեր, 2018-ին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, թանգարանի պատասխանատու անձնակազմին, բարերարներու եւ զանազան Յարանուանութեանց ներկայացուցիչներու ու արուեստասէր հասարակութեան։ Բարձրորակ սոյն ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 140-է աւելի ցուցանմոյշներ, որոնք յատկապէս բերուած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու թանգարաններէն։
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Բարեւ» Կեդրոնի վարչութիւնը օգտուելով պատեհ սոյն առիթէն, Յունուար 11-13, 2019-ին կազմակերպած էր եռօրեայ շրջապտոյտ մը դէպի Նիւ Եորք, 43 հոգիներու մասնակցութեամբ։
Շաբաթ, 12 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, յետ հաւաքաբար արտասանուած աղօթքի, խումբը ճամբայ ելաւ դէպի թանգարան հպարտօրէն վայելելու «Հայաստան» ցուցահանդէսը եւ հոն ներկայացուած մեր ազգային ժառանգութեան հարուստ ցուցանմոյշները՝ մանրանկարներ, զարդանկարներ, ձեռագրեր, խաչքարեր, եկեղեցական արժէքաւոր զգեստներ եւ այլք։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող եւ սրտի անհուն գոհունակութիւն առթող սոյն շրջագայութիւնը հասաւ իր աւարտին, ապա խումբի անդամները, ըստ իրենց հետաքրքրութեանց խումբ առ խումբ սկսան Նիւ Եորք քաղաքը վայելելու իրենց ծրագրերուն։
Կիրակի, 13 Յունուար 2019-ին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Առաջնորդանիստ տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ուաշինկթըն Տի Սի-ի Ս. Մարիամ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեան, իսկ օրուայ պատշաճ քարոզը տուաւ գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։ Հոգեպարար սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյէն եւ Ուաշինկթընէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը։ Ապա, խումբի անդամները մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան Ս. Վարդան հսկայ ու գեղեցիկ համալիրի զանազան մասերը։
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-ին խումբը օդի ճամբով վերադարձաւ Թորոնթօ հաճելի ու յիշատակելի շաբաթավերջ մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Սոյն շրջապտոյտին մասնակցող մէն մի անդամի անունով սրտագին շնորհակալութիւններ «Բարեւ» կեդրոնի վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Արմինէ Պոյաճեանին, ինչպէս նաեւ Տիկին Անի Սարվարեանին ու Օրդ. Գարին Զապունեանին իրենց բծախնդրօրէն կազմակերպած ու յաջողութեամբ գործադրած յիշատակելի սոյն շրջապտոյտին համար։