Փոքրիկ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի հրապարակի բացումը կատարուեցաւ

Անցեալ Ուրբաթ՝ Ապրիլ 24-ին, Արդարութեան Քայլարշաւէն առաջ, Փոքրիկ Հայաստանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի հրապարակին:
Բացման հանդիսութեան ներկաներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիա նահանգի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեան, Թամ Լըպենճ, Փօլ Քորեթց, Յիշատակի հրապարակի ծրագիրի հեղինակ Միչ Օֆերըլ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամութեան թեկնածու Անթընի Փորթանթինօ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան:
Ելոյթ ունեցան ներկայ քաղաքական գործիչները՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ շրջանի հայութեան կարեւոր ներդրումին՝ քաղաքի ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ: