Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ կ՝ողջունէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական հայցին ներկայացումը

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ ողջունած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատական հայցի ներկայացումը, որուն միջոցով կաթողիկոսարանը կը պահանջէ իր ունեցուածքին վերադարձը:
«Օսմանեան կայսրութեան թալանած այս հնագոյն եւ սրբազան տարածքը 100 տարի անց պէտք է վերադարձուի իր օրինական տէրերուն: Հայերը իրաւունք ունին բոլոր օրինական ուղիներով հետամուտ ըլլալու արդարութեան հաստատման եւ ձգտելու վերադարձնել այն, ինչ իրաւամբ իրենց կը պատկանի»,- ըսած է Շիֆ: