Թրքական բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ երէկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր լոյս տեսած են: Անոնցմէ ոմանք կոչ ուղղած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, ոմանք ալ ամէն կերպ փորձած են ժխտել զայն: Իսկ թրքական երկու պարբերականներ երէկ լոյս տեսած են հայերէն կողքով:«Ճումհուրիյէթ» թերթը հայերէնով «Այլեւս երբեք» խորագիրով լոյս տեսած է: «100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ ապրող մարդոց համար կը սգանք», գրած է թերթը:«Օսմանեան կայսրութեան շրջանին տեղի ունեցած աղէտի ցաւը տակաւին թարմ է: Մարդկային խիղճը, իրաւունքն ու արդարութեան զգացումը կաթուածահար ընող այդ վէրքին հետ առերեսուելու ժամանակն է, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնուի», գրած է թերթը:«Թարաֆ» օրաթերթի առաջին էջին վրայ փրոֆեսոր Այհան Աքթարի հարցազրոյցն է` «Թէ՛ տեղահանութիւն, թէ՛ ցեղասպանութիւն» վերնագիրով:Փրոֆեսոր Աքթար կը նշէ, որ տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը իրարմէ տարանջատելը դժուար է: «Պուրսայի, Էսքիշէհիրի, Ատափազարի մէջ տեղահանութիւն եղաւ, մարդիկը վակոնները լեցուցին ու ստիպեցին լքել իրենց բնակավայրը: Սակայն նոյնը չեմ կրնար ըսել Մուշի, Էրզրումի եւ Տիգրանակերտի համար: Այնտեղ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»:«Պու Կիւն» օրաթերթին մէջ «Եւս երկու երկիր ցեղասպանութիւն ըսաւ» վերտառութեամբ նիւթ կայ: «Էրտողանի` նոր պալատին մէջ ընդունած Հռոմի պապէն ետք Փութինն ալ ըսաւ «ցեղասպանութիւն»: Կաուքն ալ նմանատիպ յայտարարութիւն ըրաւ»:«Սէօզճիւ» պարբերականը կը գրէ. «Թուրքիան Ռուսիոյ Աքքույու հիւլէակայանի կառուցման իրաւունքը տուաւ, սակայն Ռուսիոյ առաջնորդ Փութին «կոլ դրաւ»: Փութին 24 ապրիլ 1915-ին տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» կոչեց»:«Էվրենսել» թերթը լոյս տեսած է «Առերեսուէ՛» խորագիրով: «Ազգերու բարեկամութեան վրայ հիմնուած պատուաբեր ապագայ կառուցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան պէտք է առերեսուիլ ու վերջ տալ 100-ամեայ ամօթին», գրած է թերթը:
«Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը լոյս տեսած է հայերէն «Տե՛ս, իմացի՛ր, առերեսուէ՛» խորագիրով: «Այսօր հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: 1915-ին պետութիւնը ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւն իրականացուց` կոտորելով 1.5 միլիոն հայեր եւ 500 հազար ասորիներ: Այդ վէրքը արդէն 100 տարիէ բաց է: Իշխանութիւնը կը ժխտէ, սակայն ազգերը կ՛ըսեն` «Ճանչցի՛ր, առերեսուէ՛, ներողութիւն խնդրէ՛»:«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծաւալուն հարցազրոյցն է:«Սապահ». «Մեր ցաւերը համատեղ են, պատրաստ ենք խօսելու» վերնագիրով լուրին տակ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնն է այն մասին, որ ընդհանուր ապագայ կառուցելու համար հայաստանցի ղեկավարներուն հետ պատրաստ են հանդիպելու: