ՀԱՅ ԵՆՔ ԵՒ ՀԱՅ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ

Հարիւր տարի անցած է ահաւոր այդ տարեթիւէն: Հարիւր տարիէ հայ ժողովուրդը կը յիշէ ու կ’ապրի այդ սարսափելի իրադարձութիւնները, սպանդի ու տեղահանութեան ցնցիչ այդ օրերը, քանդումի ու կողոպուտի ահաւոր տեսարանները:
Veronika

Ես չեմ ճանչնար այս անմեղները, բայց բոլորն ալ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրներն էին, մեր արենակիցներն էին, որոնց նահատակութեամբ մենք կորսնցուցինք գիր ու գրականութիւն, մշակոյթ ու հարստութիւն ու պապենական հայրենիքը մեր ծաղկուն:
Իմ անունս Վերոնիքա է: Իմ մեծ-մեծ մօրս մօրը անունն ալ Վերոնիքա է եղեր: Ամուսինը սպաննուած է իր տան շեմին, իսկ ինք ու աղջիկը կրցած են փախչիլ ու փրկուիլ….
Չենք կրնար մոռնալ այս բոլորը եւ պիտի յիշենք ու պահանջենք մեր իրաւունքները մինչեւ որ իրականանայ մեր արդար դատը:

Վերոնիքա Նայիր
Ը. Դասարան