Հալէպի մէջ կը շարունակուին բնակելի թաղամասերու վրայ հրթիռակոծումներն ու զինեալ բախումները: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» օրաթերթը:
Հալէպահայութիւնը անապահովութեան կողքին մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի: Տնտեսական առումով սղաճը, անգործութիւնն ու սուրիական թղթոսկիին համեմատական անկումը անել կացութեան մատնած են յատկապէս բազմանդամ ընտանիքները: Կենցաղային առումով ելեկտրականութեան, ջուրի անջատումները, համացանցի ծառայութեան աւելի քան 40 օրէ իվեր ընդհատումը առաւել ծանր կը դարձնեն Հալէպի բնակչութեան առօրեան:
Այս բոլորով հանդերձ, դժուար պայմաններու մէջ, միութիւնները կը շարունակեն գործել եւ համախմբել հայ երիտասարդութիւնը, որ միշտ նոյն պատրաստակամութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ կը շարունակէ ծառայել: