Բակօ Սահակեան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Մայիս 2015-ին, այցելեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտ, ուր տեսակցեցաւ խումբ մը ծերակուտականներու հետ:
Նախագահը ներկայացուց Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի լուծման, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Նախագահը ընդգծեց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր կը նկատէ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը` վերջինս դիտարկելով իբրեւ բարեկամ երկիր եւ ժողովրդավարութեան բնօրրաններէն մէկը, երկիր, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք դարձած է հարիւր հազարաւոր հայերու երկրորդ հայրենիքը:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը նաեւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի լուծման, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:
Ապա, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը, ուր տեսակցեցաւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ` քաղաքապետ Ֆրանսուա Փուփոնիի գլխաւորութեամբ:
Տեսակցութեան ընթացքին Մարսէյ եւ Մարտակերտ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր:
Սահակեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն հետ համագործակցութեան հաստատման` ատիկա նկատելով իբրեւ կարեւոր կարելիութիւն Ղարաբաղի քաղաքներու բարգաւաճման եւ ղարաբաղեան – ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացման համար:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան բողոքագիր յղեց Ֆրանսայի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի` Ֆրանսա այցելութեան կապակցութեամբ: Այդ մասին յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշենք նաեւ, որ նախագահ Սահակեան 19 Մայիսին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններու հետ: