Պոլսահայ Մշ. Միութիւն
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնումին առթիւ
Թորոնթոյէն յատկապէս հրաւիրուած
Րաֆֆի Պէտրոսեան մեր մէջ
Կը խօսինք մեռնողներուն մասին,
քիչ մըն ալ խօսինք մնացողներուն մասին:
Հրանդ Տինք
Պաստառին վրայ կը տեսնենք բազմաթիւ մերկ կամարներով պատկեր մը որուն խորը գտնուող մութ հեռանկար կէտ մը միայն կը յայտնէ թէ ժամանակին ան եկեղեցիի մը խորանն էր. ամայի տեղ մը, երկինքը բաց, առջեւը քարքարուտ: Այո՛, ան մեր երբեմնի Տիգրանակերտի Ս.Կիրակոս եկեղեցին էր:
Հիանալի, խիստ հետաքրքրական ներկայացում մը տուաւ Մոնթրէալի համայնքիս մեր հիւրը՝ հրապարակախօս ու դաշնակահար, պատմաբան ու ճարտարագէտ Րաֆֆի Պէտրոսեան որ իր գիտութիւնները կիրարկեց վերաշինելու համար Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Նպատակը երեք էր.
– Նախ Թուրքին ապացուցանել թէ Տիարպէքիրը 1915էն առաջ հայկական քաղաք էր 100.000 հայ բնակիչներով եւ այսօր մէկ հայ քրիստոնեայ չիկայ. բոլորը քիւրտ են.
– Հայ ժողովուրդին ամենաահեղ ջարդի վայրը այսօր ուխտի վայր է.
– Գաղտնի իսլամացած հայեր Անատոլուի մէջ անվախ կրնան իրենց ինքնութիւնը յայտնել իբր հայ քրիստոնեայ ինչպէս ըրին Տիարպէքիրի քսան եւ աւելի քիւրտեր:
Արդարեւ առանց որեւէ հաւականութեան բանախօսը սահիկներով ներկայացուց եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ ըլլալով իր համերգը, 2012ին եւ սկսաւ եկեղեցիին վերականգնումին աշխատանքներուն: Սքանչացանք մինչեւ գմբէթը նորոգուած մեր նոր ուխտավայրին եւ մանաւանդ աշխարհով մէկ ուրախ հաւատացեալներուն որոնք մեծ ու պզտիկ լեցուցած էին, կարելի է ըսել խռնուած՝ նորաշէն Սուրբ Կիրակոս եօթը խորան ունեցող եկեղեցիին մէջ առաջին պատարագին առիթով 2014 Ապրիլ 24ին: Նոյնքան յուզիչ էր Տիարպէքիրի հայազգի արիւն ունեցող թաքուն քիւրտերը, մէկ խօսքով իսլամացած Հայեր, Հայաստան երթալ ու փնտռել իրենց արմատները, որոնցմէ քանի մը հոգի միւռոնով մկրտուեցան Սուրբ Էջմիածնի մէջ Բագրատ Եպիսկոպոսի ձեռամբ: Առաջնորդութեամբ Րաֆֆի Պէտրոսեանի, անոնք ոչ միայն այցելեցին Հայաստան այլ իրենց համար յատկապէս պատրաստուած հայերէն լեզուի դասընթացքներու հետեւեցան: Պատմական սահիկներ են բոլորը քանի որ Հայաստանի մէջ Տիգրանակերտցիներ մօտեցան իրենց եւ ընտանեկան կապեր ալ յայտնաբերուեցան:
Տեղատարափ հարցումներ եղան որոնց բանախօսը պատասխանեց իր դիւանագիտական ու հայ դատին շատ խելացի ըմբռնումներով: Աւելցնենք որ Րաֆֆի Պէտրոսեան այժմ Զօրեան հաստատութեան Թուրք-Հայկական նիւթերու շուրջ խորհրդատւութեան պաշտօն կը կատարէ:
Հետաքրքրական էր բանախօսին հետեւեալ նկատումը.
Հիմա երեք ենք. Հայաստան, Սփիւռք եւ իսլամացած Հայեր:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ շնորհակալութիւն միութեանս ՄԷԿ յանձնախումբին:
Բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Մշ. Միութեան Արամ Խաչատուրեան Սրահին մէջ 16 Մայիս մեր 100ամեակի տարին:
Հիւրասիրութիւնը կատարեալ էր:
Ք. Տրդատեան Գույումճեան