Եւրոպական խորհուրդը կը բախի ծայրայեղականութեան եւ այլատեացութեան նորանոր դրսեւորումներու: Այս մասին վերջերս յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական հարցերու եւ մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի նիստին:
«Հայաստան Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան անբաժանելի մասը կը կազմէ ինչպէս իր անցեալով, այնպէս ալ` իր ներկայով: Մեր միացեալ ջանքերուն արդիւնքը տեսանելի է եւ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Հայաստանի ընկերային բարգաւաճման, պետական կառոյցներու ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի եւ դատական համակարգի բարելաւման մարզին մէջ: Հայաստան ազատ խօսքի եւ ազատ մամուլի երկիր է, ուր մարդիկ կրնան ազատ արտայայտուիլ», ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահը:
Ըստ անոր, Հայաստան ունի կայացած քաղաքացիական հասարակութիւն, որ կրնայ բարձրացնել իր ձայնը որեւէ հարցի շուրջ:
«Կարեւոր կը նկատեմ անդրադառնալ Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ծառացած այնպիսի խնդիրի, որ անհանդուրժողականութիւնն է: Ատիկա կը ծնի խտրականութիւն, բռնութիւն, որ, ի վերջոյ, կը վերածուի տագնապներու: Հայ ժողովուրդը իր վրայ զգացած է, թէ ի՛նչ կրնայ բերել այլատեացութիւնը, ճիշդ ատոր հետեւանքով հայ ժողովուրդը իր վրայ զգաց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ, հայերը մտադիր են պայքարելու նման դրսեւորումներու դէմ: Մեզ կը մտահոգէ, որ կարգ մը երկիրներու մէջ այլատեացութեան քաղաքականութիւնը կը տարուի պետական մակարդակով: Խօսքը դրացի Ատրպէյճանի մասին է», ըսաւ Սահակեան: Ըստ անոր, Եւրոպական խորհուրդը անխօս յառաջատարն է մարդկային իրաւունքներու համար պայքարին: «Ան պէտք է յառաջատար դեր խաղայ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարին մէջ», նշեց Սահակեան եւ աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի ընդհանուր նպատակը պէտք է ըլլայ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ միասնականութիւն հաստատելը:
Ազգային ժողովի նախագահը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան, նշեց, որ ատիկա լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ այդ քաղաքականութիւնը կը սերմանէ բացասական վերաբերմունք Հայաստանի նկատմամբ:
«Բոլորիս պարտքն է մեր ուժերը համախմբել յանուն ապագայի: Ամբողջ աշխարհը պէտք է համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ` անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը վերացնելու համար», ըսաւ Սահակեան: