Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարին ընդունեց Շարլ Ազնաւուրի զաւակը՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, որ «Ազնաւուր» հիմնարկի համահիմնադիրն է:
Փաշինեան փափաք յայտնեց տեղեկանալու հիմնարկի ծրագիրներուն մասին, թէ ինչ կը ծրագրուի իրականացնել՝ «Շարլ Ազնաւուրի ժառանգութիւնը նաեւ Հայաստանում պահպանելու եւ Հայաստանը որպէս ազնաւուրեան կարեւոր կենտրոններից մէկը դարձնելու նպատակով եւ իմաստով»:
Նիքոլա Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Փաշինեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ վարչապետին պատմեց «Ազնաւուր» հիմնարկի գործունէութեան եւ յետագայ ծրագիր-ներուն մասին: