Գանձասարի Մատենադարանին մէջ պիտի կազմակերպուի հայագիտական միջազգային գիտաժողով

2019 թուականի աշնան «Մատենադարան-գանձասար»-ի եւ «Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան» (ՀՈՒՄԸ) համատեղ նախաձեռնութեամբ պիտի կազմակերպուի հայագիտական միջազգային գիտաժողով, որուն ներկայ պիտի ըլլան անուանի գիտնականներ:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ յայտնած է «Մատենադարան-գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Արամ Թորոսեան:

Անոր խօսքով` 2018 թուականին գիտամշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, մատենագէտ, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Գարեգին Յովսէփեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք» պատմագիրքի (գրաբար բնագրի աշխարհաբար փոխադրութեամբ) եւ Երեւանի Մատենադարանի արխիւային բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Մալխասեանի «Հայկական կազմարարութեան Արցախ-Ուտիքի դպրոցը» գիրքերու շնորհանդէսը, իսկ այս տարուան Փետրուար 19-ին` Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողով:

Ըստ Թորոսեանի` «Մատենադարան-գանձասար»-ը 2018-ին ընդունած է մօտ 16 հազար տեղացի եւ օտար  այցելուներ` նախորդ տարուան 13  հազար  500-ի դիմաց:

«Այցելուներու մեծ մասը եղած են Ռուսիոյ, Եւրոպական երկիրներու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներ: Շարունակած ենք նաեւ մեր համագործակցութիւնը պաշտպանութեան բանակի հետ. այս տարի ընդունած ենք 1531 զինծառայող: Այս տարուան այցելուներու մեծ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ:Անոնց կը հետաքրքրէ մեր գիտամշակութային կեդրոնի ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած են Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիրներ, կամ այլ նահանգներէ Արցախ բերուած ու պահուած ձեռագիրներ, արխիւային փաստաթուղթեր եւ հնատիպ գիրքեր: Մենք նաեւ տեղացիները իրազեկելու խնդիր ունինք. արցախցիներուն պէտք է ծանօթացնել այն հարուստ ձեռագրական ժառանգութիւնը, որ ժամանակին ստեղծուած է Արցախի գրչութեան կեդրոններուն մէջ»,- ըսած  է տնօրէնի պաշտօնակատարը:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ 2018-ի ամրան շրջանին Մատենադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը սահմանած է մուտքի տոմսերու գնացուցակ, հիմք ընդունելով Արցախի մէջ գործող թանգարաններու մուտքավճարը:

«Համապատասխան փաստաթուղթ ներկայացնելու պարագային ազատամարտիկներու, հաշմանդամներու, թոշակառուներու, մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու, ուսանողներու եւ պետական-պաշտօնական պատուիրակութիւններու համար մատենադարանը գիտամշակութային կեդրոնի մուտքը անվճար է»,-ընդգծած է Ա. Թորոսեան: