Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արշակ Փօլատեանի` «Լեռնային Ղարաբաղի հինմնախնդիր. չսպիացող վէրք» արաբերէն գիրքի շնորհանդէսը:
Ձեռնարկի ընթացքին գիրքին վերաբերեալ գիտական զեկոյցով հանդէս եկած է Երեւանի պետական համալսարանի հոգաբարձուներու խորհրդի գիտական քարտուղար, դասախօս Արթուր Իսրայէլեան, որ ընդգծած է աշխատութեան գիտական արժէքը` ներկայացնելով գիրքին մէջ տեղ գտած ժամանակագրական եւ փաստագրական շարք մը տուեալներ:
Շնորհանդէսի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ գիրքին հեղինակ Արշակ Փօլատեան ընդգծած է արաբախօս ընթերցողի սեղանին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը փաստարկուած եւ համակողմանի ներկայացնող աշխատութեան կարեւորութիւնը:
Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած Արշակ Փօլատեանին այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար: «Մենք` հայերս, բաւական ինքնավստահ եւ հպարտ ժողովուրդ ենք, գիտենք մեր պատմութիւնը, գիտենք եւ կը գնահատենք մեր ինքնութիւնը: Մենք ոեւէ մէկէն մեզի աւելի բարձր չենք դասեր, բայց գիտենք այն քաղաքակրթական արժէքը, ներդրումը, որ մենք դարեր շարունակ ունեցած ենք մարդկութեան պատմութեան մէջ: Եւ այդ առումով այն, ինչ կը վերաբերի Արցախին, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, կը վերաբերի իւրաքանչիւրիս, իւրաքանչիւր հայու` անկախ անոնմէ, թէ ուր կը բնակի ան, որովհետեւ Արցախը իր մէջ կը մարմնաւորէ այն, ինչ որ մեզի՝ բոլորիս համար հաւաքական առումով կը նշանակէ մեր ինքնութեան պաշտպանութիւն»,-ըսած է ան:
Շնորհանդէսին ներկայ եղած են ԱԺ նախագահի տեղակալ Ալեն Սիմոնեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութիւնը, դիւանագէտներ, գիտական եւ դիւանագիտական շրջանակի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ: