Ոչ թէ միայն պատգամը… այլ պատգամաբե’րն ալ

Միշտ որակաւոր խրատներ կամ պատգամներ կ’ստանանք աւելի փորձառու կամ հմուտ անձերէ, բայց ընդհանրապէս անհոգութեամբ կ’անտեսենք զանոնք:

Հետեւանքը կ’ըլլայ վնասակա’ր՝ մեզի:

Թէքէեան Մշակ. Միութիւն:

Ուրբաթ 22 Փետր. 2019

Մեր առջեւ կանգնած է Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը իր պարթեւ հասակով ու անկեղծ ժպիտով: Օրուան բանախօսն է նիւթ ունենալով՝ «Աստուածաշունչի դիրքը աստղ գուշակութեան հանդէպ:

Հետաքրքրական ու այժմէական նիւթ մը, ուր բանախօս հայրը իր թունդ այլ համոզիչ ու դիւրահաղորդ ոճով կը բացատրէ այն սին ու դատարկ պատճառաբանութիւնները, որ վաճառականներ աստղագուշակութեան պատրուակին տակ, մեզ կը մոլորեցնեն նիւթականին սիրոյն:

Մօտ 45 վայրկեան, ոչ մէկ շշուկ կը լսուէր սրահին մէջ: Ներկաները գրաւուած ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին բանախօսը, իսկ անոր բերնէն կը հոսէր շարան-շարան, բառերու յաջորդականութիւնը առանց դադարի կամ տատամսումի:

Տէր Հայրը նրբութեամբ հեգնեց այն անհատներու մտածելակերպը, երբ օրուայ մէջ կը հաւատան աստղագուշակութեան, իսկ Կիրակի օրերը եկեղեցի կ’երթան: «Չենք կրնար երկու տիրոջ ծառայել»,- ըսաւ՝ միշտ մէջբերելով Աստուածաշունչի համարներէն: «Նոյն աստղերն էին, որ մոլորեցուցած էին 3 մոգերու եւ նոյն աստղերն էին, որ անոնց առաջնորդեցին Յիսուսի ծննդեան վայրը»,- ըսաւ ուրիշ տեղ մը:

Հայր Դաւիթ միշտ հենելով Աստուածաշունչի համարներէն, աւելի ու աւելի կը փաստէր ու մեզ կը մօտեցնէր ճշմարտութեան:

Խօսեցաւ նոյնիսկ այն խորամանկ մեզ մոլորեցնողներուն գործածած բառամթերքին մասին, որ կը փոխուէր ժամանակի պահանջքները պահելու համար, մինչ Աստուածաշունչը մնացած է մի’շտ նոյնը, պարունակելով նո’յն բարոյական ու հոգեւոր սկզբունքները:

Գիրք Ծննդոց էն, Ղուկասու էն ու Նոր Կտակարանէն անհամար փաստեր առատօրէն կը ներկայացնէր Տէր Դաւիթ: Խանդավառ էր իր բանախօսութեամբ, եւ խանդավառեց ու լուսաւորեց մեզ՝ ներկաներս:

Պատգամը չի բաւեր եթէ ճի’շդ պատգամաբերը չի գայ:

Հարցումներու առիթ տրուելով ներկաներէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան շատ իմաստուն եզրակացութիւն մը ունեցաւ թէ՝ «Գիտութիւնը որքան որ զարգանայ կամ խորանայ, միշտ կը մնայ սահմանափակ»:

Խորին շնորհակալութիւն Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչութեան, մանաւանդ Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանի- որ առիթը ստեղծեց այսքան բծախնդրութեամբ ու նոր մօտեցումով բանախօսութիւն մը պատրաստելու:

Յարգելի ընթերցող. շատ մը ուրիշ այժմէական մարտահրաւէր նիւթեր կան, որ Տէր Դաւիթ հաճոյքով յայտարարեց թէ պատրաստ է խօսելու ու պարզելու զանոնք:

… Ուրեմն յաջորդիւ:

Պերճ Գոգորեան