Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ կը շարունակուին Ասկերանի բերդի՝ Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի ձախակողմեան հատուածի վերականգնման աշխատանքները: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատմամշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրման եւ վերականգնման բաժինի պետ Արման Գրիգորեան:
Անոր խօսքով՝ բերդի վերականգնման աշխատանքները սկսած են 2018-ին: Ընթացքի մէջ են բերդի պատերու եւ աշտարակներու վերականգնման աշխատանքները: Սկսած են նաեւ դէպի բերդի մուտքը տանող աստիճաններու կառուցումը:
Ա. Գրիգորեան ընդգծած է նաեւ, որ բերդի վերականգնման նպատակը յուշարձանի պահպանումն է, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներու համար տեսարժան վայրը շատ աւելի գեղեցիկ դարձնելը: