Շաբաթ, 16 Փետրուարի 2019, օրհնութեամբ՝ Գանատահայոց թեմիս առաջնորդ, Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանին, նախաձեռնութեամբ՝ հոգեւոր հովիւի, Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանին, հովանաւորութեամբ՝ Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ՝ նորաստեղծ «Կամար» երիտասարդաց միութեան, նշուեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրաւարի ՝ սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնը որպէս աննախադէպ երեւոյթ ըստ հետեւեալ յաջորդականութեան.-
Մայր Եկեղեցւոյս մէջ նախ տէղի ունեցաւ Երիտասարդներու օրհնութեան կարգ, բարձր հանդիսապետութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ յաւուր պատշաճի փոխանցուեցաւ օրուան խորհուրդին նշանակութիւնը։
Այնուհետեւ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ մեկնարկուեցաւ երիտասարդաց ուրախալի խնճոյքը։
Բացման աղօթքով եւ յանուն հոգեւոր դասի եւ ծխական խորհուրդի հանդէս եկաւ ծուխիս հոգեւոր հովիւը։
Այնուհետեւ ջերմ մթնոլորտի ողջ ընթացքին տօնական երաժշտականութիւն փոխանցեց մոնթրէալաբնակ արհեստավարժ DJ Կրետը։ Ի սկզբանէ օրուան խնճոյքը կը հանդիսավարէր նոյնպէս արհեստավարժ Ալիք Յակոբեանը։
Տօնական երեկոն ընթացաւ պարերով, մրցանակային խաղերով, քարյօքէի (karaoke) մասնակցութիւններով, այլ անձանց կողմէ դաշնամուրային եւ կիթառի կատարումներով ։
Աննախադէպ տօնական խրախճանքին իրենց ներկայութեամբ եկած էին յարգելու թիւով մօտ 240 հոգի ։
Մեր խորին շնորհակալութիւնները ծխական խորհուրդին , ի մասնաւորի ծխ. խորհուրդի անդամ՝ Տիկին Մարգարիտ Գազարեանին, երիտասարդաց յանձնախումբին, քարտուղարուհի՝ Մարալ Պողոսեանին եւ վաստակաշատ պարոն Աբրահամ Սաղլամին ։