Մեծ Բրիտանիոյ մէջ բացուած է Անգլիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին խաչքարը

Մեծ Բրիտանիոյ հոգեւոր կեդրոնի` Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ Մարտ 2-ին տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:

Բրիտանահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ անգլիական գլխաւոր եկեղեցւոյ`Քրիստոսի մետրոպոլիթ տաճարի յիշատակի այգիին մէջ տեղադրուած խաչքարը օծուած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միացեալ թագաւորութեան առաջնորդ Հովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանի ձեռամբ:

Արարողութեան մասնակցած են ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի, հասրակական  եւ մշակութային գործիչներ, բրիտանահայ համայնքի աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ դեսպան Արման Կիրոկոսեան` նշելով, որ հայկական միջնադարեան մշակոյթը խորհրդանշող խաչքարը այսուհետեւ պիտի  դառնայ Քենթըրպրըրիի աւելի քան 1400-ամեայ հարուստ պատմութեան մասնիկը: Դեսպանը երախտագիտութեամբ յիշատակած է Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռենտլ Տէյվիտսընը, որուն ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած ու հրապարակուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բրիտանական նիւթերը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: