BBC-ն բարերար Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին հաղորդում պատրաստած է

BBC-ի ձայնասփիւռի կայանը հեռարձակած է հաղորդում մը` նուիրուած հայ գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպենկեանին:

Հաղորդավար Ռաճան Տաթարը տաղաւար հրաւիրած է Կիւլպենկեանի ծոռնորդի Մարթին Եսայեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Կիւլպենկեանի նոր կենսագրութեան հեղինակ Ճոնաթան Քոնլինը եւ տնտեսագէտ, պատմութեան փրոֆէսոր Ջուսթ Եոնկըրը: Հաղորդավարն ու հիւրերը քննարկած են Կիւլպենկեանի ընտանիքին ազդեցութիւնը Պոլսոյ քարիւղի արտահանման զարգացման վրայ: Ճուսթ Եոնկըրի խօսքերով, Կիւլպենկեան ընտանիքը կը զբաղէր Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ միջազգային մակարդակի առեւտուրով, կը գրէ NEWS.am լրատուական կայքը:

Մարտին Եսայեանի խօսքերով, անոր գործին զարգացման վրայ առաջին հերթին ազդած են իր Նուարդ տատիկին «սէրն ու համբերութիւնը»: «Գալուստին համար այդ ամուսնութիւնը շատ շահաւէտ էր, քանի որ անոր առջեւ բացուեցաւ Պոլսոյ առեւտրական վերնախաւին հասնելու հնարաւորութիւնը»,- աւելցուցած է Մարթին:

Հաղորդավարին խօսքերով, Կիւլպենկեանը փաստաթուղթերը ստուգելու մոլի սովորութիւն ունէր: «Հետաքրքրական է, որ հարսանիքէն հինգ տարի անց անոր գործին մասին քիչ բան յայտնի է, թէեւ այն ժամանակ ան աշխատած եւ, հնարաւոր է, կորսնցուցած է իր առաջին միլիոնները»,- աւելցուցած է հաղորդավարը: Հիւրերը նաեւ նշած են արուեստի ստեղծագործութիւններ հաւաքելու Կիւլպենկեանի կիրքը: