ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 11 – Դեգերումներ» առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ 31 յօդուածներ՝ բաժնուած չորս գլուխներու՝ «Երթուդարձ», «Հեքիաթներ», «Ժամանակին հետ» եւ «Մուսայիս հետ», տարածուած 100 էջերու վրայ։
«Մտնելով այս «Ոստայն»-ին մէջ…» իր ներածութեան մէջ Վրէժ-Արմէն կը գրէ.– «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, թէ ինչո՛ւ իրերայաջորդ հատորներս միշտ կը կրեն «Ոստայն» վերտառութիւնը։ Այո՛, պիտի անդրադառնայ, թէ անոնք իրարու շաղկապուած են կարմիր թելով մը, որ, հակառակ նիւթերու այլազանութեան, կ՚անցնի անոնց բոլորին մէջէն։
«Այդ թելը գրողին ապրումներն են, մտորումներն ու զգացումները, որոնք կը դրսեւորուին տարբեր իրավիճակներու, տարբեր կացութիւններու կամ պատահարներու միջոցով»։
Ապա հեղինակը հետեւեալը կ՚աւելցնէ.– «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ նաեւ, թէ միեւնոյն հարցերը, որոնք զիս կը հետաքրքրեն, կը մտատանջեն, գրելո՛ւ կը մղեն եւ որոնք կ՚արծարծուին նաեւ «Հորիզոն»-ի մէջ շաբաթական «Այս անկիւնէն» կամ այլ վերտառութիւններու ներքեւ լոյս տեսնող սիւնակներուս մէջ, «Ոստայն» շարքին մէջ կը դրուին նուազ հրապարակագրական եւ աւելի գրական պարունակի մը մէջ, ունենալով օրագրական կամ յուշագրական բնոյթ։ Այդ պատճառաւ ալ, այնտեղ նկարագրուող իրավիճակները պէտք է նկատի առնուին իրենց ժամանակին մէջ։ Այս գրութիւններուն ընդմէջէն կ՚երեւին այդ իրավիճակներու թէ՛փոփոխութիւնները եւ թէ՛ մնայուն տարրերը։
«Այս շարքին չորրորդ հատորը իբր տիտղոս կը կրէր «Իմ ուղեպատումը» վերնագիրը։ Ինծի այնպէս կը թուի, որ միշտ այդ ուղեպատումն է, որ կը պատմուի հատորէ հատոր…»։
Հատորին շապիկի նկարը գործն է ՏեմսիԱրզումանեանի։
Հեղինակին վերջին ութ հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ։ (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։
10 մարտ 2019