ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մարտ 1, 2019-ին, Գանատահայոց Թեմը եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին յայտարարեցին, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ 930 Փրոկրէս պողոտայ հասցէով Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հարեւանութեան գտնուող ՀԲԸՄ-ի կալուածը գնելու աշխատանքները: 

Այս պատմական նուաճում մըն է Հայաստանեայց Առաքելաքան եկեղեցւոյ, Գանտահայոց Թեմին եւ յատկապէս Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ կողմէ: 

11 Նոյեմբեր 2018-ին, Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արտահերթ անդամական ընդհանուր ժողովի ընթացքին՝ Գանտահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը իր օրհնութիւնը տուաւ ծուխի ղեկավարութեան եւ անդամներուն նշեալ կալուածը ձեռք բերելու՝ ի շահ Թորոնթոյի Հայ համայնքի բարօրութեան եւ ի օգուտ ապագայ սերունդներուն:

 Հրաշքի համազօր այս իրագործումը կատարուեցաւ շնորհիւ յատուկ յանձնախումբի մը, որ գլխաւորուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանէ եւ որուն անդամներն էին ծուխի նուիրեալ անդամներ՝ Օհան Օհաննէսեան, Ժագ Ստեփանեան, Ռոզին Իմաստունեան եւ Արա Պոյաճեան, որոնք տրուած շատ նեղ ժամանակամիջոցին աշխատեցան տքնաջանօրէն եւ ձեռնհասութեամբ: 

Այս կալուածի գնումը հաստատուեցաւ միաձայն որոշումովը Ծխական Խորհուրդին, Թեմական Խորհուրդին եւ Կալուածոց Աւանդապահ Մարմինին բծախնդիր գործատարութեամբը Թեմիս Կանոնագրին, հիմք ունենալով Նոյեմբեր11, 2018-ի ծխական անդամական ժողովի համապատասխան որոշումը, որ կը ցոլացնէր Թորնոթոհայ համայնքին եւ ընդհանրապէս Գանատահայ համայնքին բաղձանքը: 

Այս գնումը կարելի դարձաւ համաձայն 5 տարուայ գրաւագրութեան մը, ուր գրաւի դրուած է միայն նոյն ինքը գնուած կալուածը: Ըստ Թեմի կանոնագրութեան կալուածը արձանագրուած է Թեմի անունին:

 Այս գնման ֆինանսաւորումը կը նախատեսէ գնուած կալուածին վարձակալութեան ծրագրին շնորհիւ բոլոր ծախսերուն եւ պարտքի տոկոսներուն վճարումը, ներառեալ տասնմէկ յառաջիկայ ամիսներուն համար թոյլտուութիւնը, որպէսզի ՀԲԸՄ-ը շարունակէ այնտեղ իր գործունէութիւնը առանց որեւէ հատուցման: 

Գրաւագրութեան գլխաւոր գումարը վճարելի է հինգ տարուայ վերջաւորութեան: Այս ժամանակաշրջանը առիթը կ’ընծայէ որպէսզի Թեմը եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին մշակեն Թորոնթոյի գաղութին ընդհանրապէս օգտակար ծրագիր մը կալուածին գործածութեան համար:

 Այս նուաճումը կը ներկայացնէ Գանատահայոց Թեմի եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ համար հսկայական ու աննախադէպ ֆինանսական եւ այլ մարտահրաւէրները: Մարտահրաւէրներ, որոնք պատմական են ու կը պահանջեն մեր համայնքներէն ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն, այլ եւ նոր մտապատկեր եւ նոր համայնքային կառուցողական ծրագրումներ, Թորոնթոյի աճող մեր Հայ համայնքի ներկայ եւ ապագայ կարիքները բաւարարելու համար: 

Մենք վստահ ենք, որ միասին, կրնանք աւելի զօրաւոր համայնք մը կառուցել, մեր ներկայ կարիքները հոգալու համար եւ միասնաբար պատրաստուելու համար ապագայի պահանջներուն:

 

Մոնթրէալ, Մարտ 20, 2019