«Համոզուած եմ, որ Հալէպին սովոր մարդը ոչ մէկ երկրի մէջ հարազատ պիտի զգայ». Հրազդան Թոքմաճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ երկար տարիներ Հալէպի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծաւալած հայրենի նկարիչ՝ Հրազդան Թոքմաճեանը։

 

-Պրն. Թոքմաճեան,  երկար  տարիներ  Հալէպի մէջ   գործելէ  ետք, դուք  վերադարձած է  հայրենիք։ Այսօր, ի՞նչ յիշողութիւններ  ձեզ կը կապեն Հալէպին:

Արդէն չորս տարի է Երեւան եմ եւ վերարժեւորելով    Հալէպի   մէջ ապրած  տարիներս կրնամ ըսել, որ կեանքիս ծանրակշիռ մասը ապրած եմ  այնտեղ։Հակառակ, որ  23 տարի աշխատած եմ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սարեան Ակադեմիային  մէջ, չեմ գիտեր այդ աշխատանքի նշանակութիւնը կամ արդիւնաւէտութիւնը որքան էր: Յաջողեցա՞յ ինչ որ բան փոխել այդ ոլորտին մէջ՝ չեմ գիտեր:

Մեծագոյն ուրախութիւնս կապուած է արեւմտահայ հայրենակիցներուս հետ ապրելու հնարաւորութեան հետ: Հալէպի մէջ ապրող մարաշցիներու, այնթապցիներու, ուրֆացիներու եւ այլոց սերունդները «ներսէն» ճանչնալը մեծ ուրախութիւն է եւ թանկագին փորձառութիւն մըն էր:  Այդ տարիներուն ես իմ ժողովրդն  աւելի լաւ ճանչցայ: Անցած հարիւրամեակին ե՛ւ խորհրդային կարգերը, ե՛ւ արեւմտեան բարքերը փոխած են տարագիր հայութեան ընդհանուր  դիմագիծը: Մինչդեռ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հինէն եկող բազմաթիւ արժէքներ պահպանուած են:

 

-Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին շատ  խօսուեցաւ Հալէպը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Այդ մէկը ինչքանո՞վ իրատեսական կը համարէք:

Կը կարծեմ, որ Սուրիան իր պատմութեան  մէջ  նոր էջ  մը    սկսելու խնդրի առջեւ  կանգնած է: Ցնցումը, որ ապրեցաւ այդ  երկիրը եւ իր բնակչութիւնը՝ անհամեմատելի է: Առաջին Աշխարհամարտի տարիները այսօր սարսափով կը յիշենք: Սակայն 1918-ին Սուրիան հիմնայատակ չաւերուեցաւ: Օսմանեան զօրքերը ետեւ-ետեւի յանձնելով Դամասկոսը, Հոմսը, Հալէպը, Այնթապը, Մարաշը՝ կը նահանջէին: Ի  միջի այլոց, յիշենք, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Առաջնորդանիստ եկեղեցին այդ տարիներուն շարունակած է գործել առանց խոչընդոտներու: Իսկ վերջին տարիներուն ոչ միայն վտանգուած էր, ռմբակոծուած, այլեւ՝ փակուած:

Երկիրը այսպէս թէ այնպէս պիտի վերականգնուի: Այն, որ քաղաքները,  գիւղերը  եւ  ճանապարհները կը վերաշինուին՝ ակնյայտ է: Նոր Սուրիոյ  մը  հասարակութեան մօտ, որ  գաղափարներն են,  որոնք  տիրական պիտի ըլլան, դժուար է գուշակել:

Սուրիական հասարակութեան մէջ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած հանդուրժողականութիւն կար: Արաբներու մօտ հինն ու նորը կը քալեն կողք-կողքի: Հայերն ալ այդ միջավայրի մէջ էին եւ իրենց ներդրումն ունէին այնտեղ:

Կը կարծեմ նոր Սուրիան իր նախորդ ժամանակներուն յատուկ հմայքի մէկ մասը կը կորսնցնէ: Չէ որ երկրէն հեռացան ոչ միայն հայեր, այլեւ բազմաթիւ ազնուասիրտ արաբներ:

 

-Եթէ հաշուի առնենք շրջանային ընդհանուր կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, արդեօք հալէպահայութիւնը իր անցեալի դերը պիտի կարողանա՞յ գտնել: Ի՞նչ կը   մտածէք  այդ առումով:

Վերջերս հանդիպեցայ Հալէպի ազգային կեանքի կարեւոր դէմքերէն մէկուն, որ վստահ էր, որ սակաւաթիւ հայութիւնը իր որակական տուեալներով պիտի շարունակէ մնալ  Սուրիոյ  հասարակութեան «զարդ»ը: Ես այդ  լաւատեսութիւնը չեմ կիսեր:

Նախ եւ առաջ պէտք է տարբերել հալէպահայութեան դերակատարութեան երկու տարբեր կողմերը: Առաջինը՝ Սուրիական հանրութեան մէջ անոր մասնակցութեան չափն ու կշիռն է: Փաստ է, որ հայութիւնը տեղի միւս էթնիք խումբերուն  կողմէ մշտապէս եւ բոլոր առումներով ընկալուած է, որպէս  դրական տարր: Տասնամեակներ շարունակ իրենց յատուկ բնագաւառներուն մէջ հայերը ձեւաւորած են մեծ հեղինակութիւն:

Սակայն, թող  ինծի ներուի ըսել, որ պատերազմէն առաջ իսկ հայերը շարք մը ոլորտներու մէջ ետ մնացած էին:

Չեմ գիտեր որքա՞ն կարելի էր հին դափնիներու վրայ դոփել…։ Տեղացիները տնտեսութեան, բժշկութեան, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ առաջընթաց արձանագրեցին: Շատերը Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի մէջ ուսանեցան եւ վերադարձան հայրենիք: Ի յայտ եկան անուանի, ոչ հայ բժիշկներ, արհեստաւորներ, երկրաչափներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւայլն: Այլ խօսքով, հայութեան դերը սուրիական հասարակութեան մէջ մեծապէս նուազեցաւ:

Հալէպահայութեան միւս, բնորոշ դերակատարութիւնը իմ  համար աւելի էական է: Այն համահայկական իմաստով ունեցած դերակատարութիւնն է: Հալէպահայութիւնը Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն ոչնչացուած ժողովուրդի փրկուած այն բեկորն է, որ զարմանալի կենսունակութիւն դրսեւորեց: Կարողացաւ ըլլալ ինքնաբաւ. այսինքն՝ ինքնին փոքրիկ Հայաստան մը:

Այսօր, որքան ալ որ շեշտը դրուի փոքրաթիւ, սակայն որակեալ հաւաքականութեան վրայ, միեւնոյնն է, ինքնաբաւութեան խնդիրը առկայ է: Ի վերջոյ քանակը ինքնաբերաբար բազմաթիւ հարցերու պատասխան կու տայ:

Օրինակ մը նշեմ. 1914-էն առաջ գրուած նամակ մը կարդացած եմ, որուն մէջ Հալէպի Ներսիսեան վարժարանը, կ՚ակնալէ, որ    Այնթէպ  ապրող     հայ ուսուցիչը   Հալէպ գայ եւ իրենց մօտ  պաշտօնավարէ։  Մինչդեռ յետեղեռնեան ողջ ընթացքին, ընդհուպ մեզի ծանօթ ժամանակներուն Հալէպը քատրեր, դասագիրքեր մատակարարած է հեռու եւ մօտիկ գաղթօճախներուն:

Քանի մը դպրոցի փոխարէն տասնեակ դպրոցներու գոյութիւնը միայն բազմաթիւ աշակետներով չ՚իմաստաւորուիր: Հարիւրաւոր ուսուցիչներու գոյութիւնը քաղաքին որակ կու տար: Ի վերջոյ, շարք մը միութիւններու ու կազմակերպութիւններու շուրջ ձեւաւորուած էր  մտաւորական  կարեւոր  ներուժ։Գրողներ, երաժիշտներ, նկարիչներ, դերասաններ ձեւաւորած էին գիտակ  եւ հետաքրքութիւններ  ունեցող մարդոց խաւ մը:  Առաջնորդարանի «Գանձասար» պաշտօնաթերթէն բացի կը հրապարակուէին տարեգիրքեր, հայրենակցական, կրթա-մշակութային ամսագրեր, դասգիրքեր եւայլն: Տիրող թէժ, ներքին մրցակցութիւնը կը նպաստէր քանակի մէջ որակի բարձրացման:

Կը կարծեմ բազմակի անգամ նօսրացած հալէպահայութենէն ակնկալել նոյնպիսի դերակատարում, չափազանցութիւն է:

Այլ խօսք, որ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պէտք է յորդորել, պայմաններ ստեղծել, որ պատերազմի դաժանագոյն օրերը յաղթահարած մարդիկ չհեռանան Հալէպէն: Խորապէս համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր հեռացող հայ, իր կենսական հարցերը լուծելուն զուգընթաց, կը թուլացնէ Հալէպի հայկական նշանակութիւնը: Վերջին հաշուով, որքան շատ հայ մնայ Հալէպի մէջ, այնքան կը շահի մեր ժողովուրդը:

 

-Ի՞նչ կ’ուզէք ըսել այն հալէպահայերուն, որոնք պայմաններու բերումով հեռացան դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպա եւ տարբեր ափեր:

Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Աւստրալիա հաստատուած բազմաթիւ բարեկամներ ունիմ, որոնց հետ կապի մէջ եմ: Հալէպահայերը ընդհանրապէս գործի մարդիկ են եւ    վերացական գաղափարներ շատ չեն սիրեր. Դառն փորձառութիւնը սորվեցուցած է մշտապէս գոյատեւման ուղիներ փնտռել:

Իրենք հարցերը շօշափելիօրէն լուծելու կողմնակից մարդիկ են:

Այնուամենայնիւ ես համոզուած եմ, որ անոնց մեծ մասը կը տանջուի իր նոր բնակավայրին մէջ:

Ես  լիովին  համոզուած եմ, որ Հալէպ տեսած, Հալէպին սովոր մարդը ոչ մէկ երկրի մէջ հարազատ կը զգայ: Կ’ափսոսամ  անոնց   համար: Առաւել եւս կ’ափսոսամ իրենց զաւակներուն համար, որոնցմէ շատերը նոր երկիրներու մէջ պիտի յաջողին, պիտի բացուին դէպի  նոր հորիզոններ, որոնք, աւաղ, հայէն ու հայութենէն շատ հեռու պիտի ըլլան:  Իսկ միթէ՞ մեր թշնամիի ուզածը սա չէր: Ի՞նչ տարբերութիւն 100 տարի առաջ թէ՝ հիմա: Գնայ եւ դարձի՛ր Գանատայի, Աւստրալիոյ, Շուէտի լաւագոյն (ծագումով հայ) երգիչը, ճարտարապետը, քանդակագործը կարեւորը այն է, որ հայրենիք չունենաս եւ քու երկիրդ չկառուցես, քու երգդ չերգես:

 

-Ձեր վերջին խօսքը, ի՞նչ կ’ըսէք այն հալէպահայերուն, որոնք հակառակ պատերազմի դառն օրերուն, մերժեցին իրենց ծննդավայրէն հեռանալ եւ այսօր ալ կը շարունակեն իրենց կեանքը Հալպէի մէջ:

Որոշ տարիքի հասած մարդիկ կեանքին հետադարձ հայեացքով նայելու սովորութիւն ունին: Յատկապէս յիշելու, այն արժէքաւոր մարդիկը ու երեւոյթները, որոնք երբեք չեն արժեզրկուիր: Ահա այդպիսի արժէքաւոր, սիրելի երեւոյթ էր այն փոքրիկ Հայաստանը, որ կը բաբախէր Հալէպի մէջ: Այն սահմաններ չունեցող, քարտէզի վրայ չնշուած «երկիր» մըն էր: Չարենցի «ցնորք»ի «Երկիր Նայիրի»ի մէկ բեկորը: Երազ մը, որուն մէջ բախտ ունեցայ ըլլալու, մասնակցելու, համտեսելու, «երազի մէջ երազելու» ու անցնելու:

Շատ կ’ուզէի, որ շարունակուէր այդ երազը: Անոնք, որ կրնան մնալ Հալէպի մէջ, չհեռանալ՝ թող մնան: Սա դեռ վերջը չէ:

Դժուարութիւնները կ’անցնին, լաւ օրեր կու գան եւ, վստահ եմ, որ Հալէպի մէջ նորէն կը գտնուին քանի մը հայրենակից՝ Ուրֆացի, Մարաշցի կամ Այնթապցի, որոնք գլուխ-գլխի տուած, սարոյեանական ոգիով կը հեգնեն աշխարհի մեծերը, կը ծաղրեն անոնց սին գաղափարները ու կը խօսին Երկրի մասին: