ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԱՐՑԱԽ-ՔԱՆԱՏԱ» ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է

«Արցախփրէս» կը հաղորդէ, որ 27 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է «Արցախ-Քանատա» Բարեկամութեան խումբ, որուն մէջ բոլոր խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ ընդգրկուած են:
Լիագումար նիստին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ 19 Մարտին Քանատայի Համայնքներու պալատին մէջ պատգամաւոր Ռեյչըլ Եարտերի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդի հետ բարեկամական խումբ, որուն ցայսօր միացած է 7 պատգամաւոր: Արցախի հետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած Քանատայի գործընկերներուն Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ շնորհակալական նամակ ուղարկուած է:
Ղուլիանի խօսքով` յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար յաջորդ քայլը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ համապատասխան բարեկամական խումբի ստեղծումը պէտք է ըլլար: Այդ նպատակով 25 Մարտին կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին բարեկամական խումբին մէջ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ որոշուած է ընդգրկել:
Բարեկամական խումբին մէջ ընդգրկուած են «Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Ռամելա Դադայեան, Արարատ Օհանջանեան, «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեան, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան, «Շարժում-88» խմբակցութեան պատգամաւոր Եդուարտ Աղաբէկեան եւ «Վերածնունդ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Խանումեան: