Սոչիի մէջ Համշէնահայերու պատմութեան նուիրուած թանգարան բացուած է

Սոչի քաղաքի Լազարեւսկի շրջանի Նոր Լոյս (Ալտմեց) գիւղին մէջ բացուած է Համշէնահայերու պատմութեան նուիրուած ազգագրական թանգարան:

Թանգարանին բացումը մեծ իրադարձութիւն է շրջանին մէջ ապրող համշէնահայերուն համար, որոնց նախնիները 19-րդ դարու կէսերուն եւ 20-րդ դարասկիզբին` Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք , Կովկասի Սեւծովեան ափեր  տեղափոխուած են Արեւմտեան Հայաստանի Համշէն բնակավայրէն:

Թանգարան հիմնելու գաղափարը կը պատկանի Նոր Լոյսի բնակիչ Արտաւազդ Արշակ Աւճեանին, որուն նախնիները եւս Արեւմտեան Հայաստանէն են: Ան դեռեւս 30 տարի առաջ խնամքով հաւաքած է լուսանկարներ, կենցաղային առարկաներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր, նուագարաններ, որոնք պատկանած են այն հայերուն, որոնք եղած են գիւղի առաջին բնակիչները:

Այս ամէնն ալ հիմք  ծառայած է նորաբաց ազգագարական թանգարանի ցուցադրութեան համար: Թանգարանը կը գտնուի Նոր Լոյսի Սուրբ Նարեկ Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ կից շէնքին մէջ:

Թանգարանի բացումը եւ օրհնութեան կարգը կատարած է Սոչիի Սուրբ Խաչ Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտասը:

Այնուհետեւ թանգարանի հիմնադիր Արշակ Աւջեան ներկայացուցած է թանգարանի ցուցանմուշները, խօսած նպատակներուն մասին եւ ընդգծած այն կարեւոր նշանակութիւնը, որ թանգարանը պիտի ունենայ ո՛չ միայն գիւղի, այլեւ Գրասնոտարի երկրամասին մէջ ապրող հայ բնակիչներուն համար:

Իր խօսքին մէջ թանգարանի հիմնադիրը շնորհակալութիւն  յայտնած է նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք նպաստած են թանգարանի կայացման:

Բացումին ներկայ  եղած են Ռուսիոյ հայերու միութեան Գրասնոտարի երկրամասի Սոչիի «Սեւան» տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահ Հմայեակ Ուստեան, տեղակալ Մարկոս Քեսեան, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլք: Բացման առիթով Մարկոս Քեսեան թանգարանին  նուիրած է օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Համշէնը հայկական ձեռագրերում» գիրքը: