Միջինքի ճաշկերոյթ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնէն Ներս

Բարեկենդան հսկումի գիշերներ եւ 48օրեայ պահքի օրեր, արագօրէն մեզ կը մօտեցնեն Սուրբ Յարութեան տօնին: Միջինք է, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մէջ հոգեպարար արարողութիւններէն վերջ, տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած միջինքի յաջող ձեռնարկին յաջորդեց տարիներու իր սովորոյթին համաձայն Թէքէեան Մշակութային Միութեան տիկիններու միջինքի ճաշկերոյթը:

Կիրակի 31 Մարտի յետ միջօրէին ժամը 1 էն սկսեալ հրաւիրուած էր հանրութիւնը, միասնաբար վայելելու տօնական այս մթնոլորտը, հրաւիրեալներ առանց յապաղումի, անհամբերութեամբ լեցուցած էին Թ.Մ.Մ. ի կեդրոնը, համախումբ վայելելու պահքի էական իմաստը եւ ճաշակելու աւանդական շրջանի սննդարար ճաշերը:

Հիւրերը սքանչացումով դիտեցին եւ ճաշակեցին ճաշակով յարդարուած բազմատեսակ ճաշերը, փորձառու տիկինները իրենց լաւագոյնը առատօրէն պատրաստած եւ սիրայօժար կերպով տրամադրած էին, օրուան նպատակին.

Ապա հիւրասիրութիւնը կը շարունակուէր սուրճի եւ անուշեղէններու մատուցումով:

Հաւատք. Նպատակին հանդէպ սէր եւ նուիրում՝ ազգային առողջ առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութեան հանդէպ՝,- Թ.Մ.Միութեան անդամները, բազմապիսի միջոցառումներու առիթով, նուիրումով զայն յաջող արդիւնքի կ’առաջնորդեն:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան տիկինները այս առիթով ոչ միայն լաւ պատրաստութիւն տեսած էին այլ իրենց ամբողջական սիրով համեմելով՝ աւելի եւս համեղ դարձուցած էին ճաշերը:

Հաւաքական համերաշխ աշխատանքի արդիւնքն էր միջինքի այս բացառիկ սեղանը որ մեծապէս գնահատուեցաւ համեցող հոծ բազմութեան կողմէ:

Անի Թոռիկեանի փորձառու եւ բծախնդիր կազմակերպչական կարողութիւնը դրապէս նպաստեց ձեռնարկի յաջող արդիւնքին:

Միշտ պատնէշի վրայ մնաք սիրելի տիկիններ յաւիտեանս դալար մնան ձեր ձեռքերը եւ ձեր օրինակը վարակիչ դառնայ յաջորդական սերունդներուն:

Բարով հասնինք Ս. Յարութեան տօնին:

Վ. Պալեան