Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պարիսպները, որոնք կը գտնուին UNESCO-ի Համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցուցակին վրայ, կը վնասուին պարիսպներու մօտակայքը կառուցուող «Ազգային այգի» կոչուող զբօսայգիի շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով: Այս մասին կ’ահազանգեն հնագէտները, որոնք կը նշեն, որ հորատող մեքենաներու ցնցումներուն հետեւանքով պարիսպներուն հիմքերը կը տկարանան:
Նշենք, որ զբօսայգիի կառուցման ծրագիրը դժգոհութիւն առաջացուցած էր բնակչութեան մէջ: UNESCO-ի պատուիրակութիւնը՝ կատարած հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտարարած էր, որ «Տիգրիսի վերակառուցման ծրագիրը» վնաս կը հասցնէ շրջանի բնապահպանական համակարգին: Անկէ ետք աշխատանքները դադրեցուած էին, սակայն ընտրութիւններէն առաջ, Էրտողանի խոստումներէն մէկը համարուող «Ազգային այգի» զբօսայգիին աշխատանքները վերսկսած էին: