Սերճիօ  Տէմիրճիանի համերգը ընկերկցութեամբ Սալբի Մայիլեանի

Յանկարծ ինձմէ խնդրուեցաւ ժողորդական եօթը լեզուներով երգահանդէս մը տեղեկագրել, ան ալ տարիքով ութսունի մօտ արուեստասէրի մը կողմէ: Սակայն այդ երգիչը Սերճիօն է, Սերճիօ Տէմիրճեան, որուն արդէն մենք, Արարատի բնակիչներս ծանօթ ենք, ունկնդրած ենք տօնական հանդիսութիւններու ընթացքին:

6 Ապրիլ 2019-ին Beaubois թատերասրահը մեզի ընդունեց Ավէ-Մարիա եղանակով մը, գունաւոր լապտերներ բեմին ետեւը ու առաստաղը կը զարդարէին: Madame Marie-Laure Cimetier մեր ամեն կերպով փայլուն հանդիսավարը, իւրաքանչիւր երգէն առաջ բացատրեց կտորին նիւթը, հեղինակը եւ ազգութիւնը:

Նախ բեմ յառաջացաւ Սերճիոն քիչ մը ծովահէնի նմանող քիչ մըն ալ ափաշեան (à l’apache) զգեստով. ան մեզի հրամցուց Wood-ի Երբեմն Կ’երազեմ երգը: Յաջորդաբար ընկունդրեցինք հռչակաւոր Վիքթօր Հիւկոյի Թշուառ-ներու գալիք օփերայի կամ ժապաւէնի վերածուած Bring him home-ը, հիանալի մեղեդին՝ որ կրցաւ կատարել Սերճիոն. որուն յաջորդեց կարգ մը օտար լեզուով   երգեր, ինչպէս Ազնաւուրի La Bohème, Քէպէքցի Լէվէյէ-ի Le Temps d’une chanson, Մասիաս-ի սիրահարական մէկ երգը, յունական պուզուքիայով Mi mou thimonis-ը, սպանացի Ռոտրիկոյի նշանաւոր Արանխուէզը, Սինադրայի My Way-ը, արաբական երգեր որոնք ծափերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին. փոքրիկ աղջնակ մը չդիմացաւ ու ցատքրտելու սկսաւ: Բոլորն ալ հաճոյքով մտիկ ըրինք:

Գալով Սալբի Մայիլեանի, հայերէն երգերը հրաշալի էին. ձայնը ճիշդ երգացանկին համեմատ, քաջ ու հպարտ: ԱՄՆ ապրող, Երեւանի Կոմիտասեան պետական երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, մինչեւ Աւստրալիոյ ափերը երգած, մեզի հրամցուց նախ Խաչատուր Աւետիսեանի Հայոց Հովիկը, ապա նոյն յօրինողէն Որտեղ Գտնեմ Ես, ինչ որ զուգերգ ըրին Սերճիոյի հետ, նաեւ Կապոյտ Թռչունը հիանալի հայկական տարազով երեք պարուհիներու հետ:

Հոյակապ ներկայացում, Պուլղադարեանի պարարուեստը աննման է:

Ինչ ըսեմ հապա Շիրազի Սիամանթօ եւ Խէչազարէ պատմութեան… արցունքով կարդացած եմ, մանաւանդ Խէչոյին (քիւրտ սիրահարը) վերադարձի կարօտին չհասած մեղեդին՝ երգած ու երգած ենք, բոլորս ալ գիտենք Ամպէց Ընկաւ Լուսընկան սիրոյ երգը: Մեր աննման Շիրազը մեր ասմունքներուն, գրական էջերու վրայ միշտ մաս կը կազմէ:

Վերջապէս կրկին զուգերգով Տէմիրճեան ու Մայիլեան ներկաները խանդավառեց Ով Դու Գեղեցիկ-ով եւ թանկոյի մասնագէտ երկու պարողներով՝ Ժերար Մինասեանի եւ Միրօսլավա Ցոլովայի: Հրաշալի էին Միսսի-ին՝ պարուհիին Թանկոյի սրունքի շարժումները, ետեւն էր թանկօյին ղեկավարը՝ մեր հայազգի արժանթինեան ուսուցիչը. ուրախ ենք ճանչնալու ու վայելելու մեր հին ու նոր արուեստագէտները:

Ձայն մը Հնչեց միասնական ու մարտական երգով ու Պապաճանեանի Ազգ Փառապանծ-ով ժողովրդային խանդավառութեան մէջ վերջացաւ բազմամշակութային ու մեծապէս զուարճալի այս երեկոյթը:

 

Քրիստինէ Տրդատեան Գույումճեեան