Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին Ծաղկազարդի տօնին առիթով Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան:
Տէր Հայրը իր քարոզին ընդմէջէն նշեց. որ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի մուտքը դէպի Երուսաղէմ, որ կը դնէ իր փրկագործութեան սկիզբը, վերստին ներգործելով մարդոց վրայ: Մեր Եկեղեցւոյ հայրերուն համաձայն Յիսոսի առջեւ հանդերձներ նետելը կը խորհրդանշէ մեղքերէն ձերբազատում: Յիսուս Քրիստոս, որպէս թագաւոր, յաղթական պսակը գլխուն, անէծքը վերցնող եւ կենդանութիւն պարգեւողն է:
Այնուհետեւ, կատարուեցաւ Մանուկներու Օրհնութեան Կարգը խուռներամ մանուկներու մասնակցութեամբ, որոնք ծաղիկներով յարդարուած եւ արմաւենիի խաչերը ի ձեռին ստացան Տէր Հօր օրհնութիւնը:
Կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին ըստ Երուսասղէմ քաղաքի աւանդական սովորոյթներուն՝ ուխտաւորներու կողմէ բացուեցան նաեւ՝ սրբապատկերներուն վարագոյրները:
Յաւարտ Ս. Պատարագի «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ կազմակերպութեամբ՝ «Կամար» Երիտասարդաց Յանձնախումբին:
Գործադրուեցաւ մանկական գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգերով եւ երաժշտական նուագակցութիւններով ելոյթ ունեցան փոքրիկներ՝ Նարենի Տէտէեան, Արտաշէս Կարապետեան, Արտաւազդ Մինասեան, Աստղիկ Մինասեան, Արեւիկ Մարկոսեան, Տիգրան Ստեփանեան, Սարա Ստեփանեան, Անի Գրիգորեան, Արտաւազդ Մինասեան, իսկ Հայկական պարի իւրայատուկ կատարումով ելոյթ ունեցաւ Մարիէթա Պետրոսեան «Իմ անունն է Հայաստան» երգի երաժշտութեամբ:
Մանուկները շարունակեցին զուարճանալ զանազան հետաքրքրական խաղերով, աճպարարի խանդավառ խաղերու ընկերակցութեամբ:
Հակառակ խուռներամ բազմութեան անխափանօրէն գործեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի Արեւելահայերէն լեզուի երկու դասարանները, որոնց աշակերտներուն թիւը կը հասնի մինչեւ 50 հոգիի:
Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդին, առանց որուն օժանդակութեան եւ լիարժէք վստահութեան անկարելի պիտի ըլլար իրագործել նման գեղեցիկ շարժառիթ մը:
Եկեղեցւոյ Մամլոյ Դիւան