Յիսուս Քրիստոսի Հրաշաբառ Ս. Յարութեան տօնը ՄոնթրէալիՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի՝ 21 Ապրիլ 2019-ին, Յիսուս Քրիստոսի Հրաշաբառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:30-ին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան, Հոգեւոր Հովիւ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ սարկաւագներն ու դպիրները: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» Դպրաց-Դաս Երգչախումբը խմբավարութեամբ՝ Ղեկավար Սարգիս Պարսէմեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կարէն Մանուչարեանի:

Տէր Հայրը իր պատգամին միջոցաւ փոխանցեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին խորհուրդը, որմէ ետք, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը երկայն շարք կազմած կը սպասէր ստանալու Ս. Հաղորդութիւնը եւ մասնակից ըլլալու օրուան խորհուրդին:

 

Եկեղեցւոյ Մամլոյ Դիւան