Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, մինչեւ ամրան վերջ, պիտի գործէ «Հայոց Ցեղասպանութեան 150-ամեայ վկաները. Կոմիտաս Վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցադրութիւն, որ պիտի հանրահռչակէ ցեղասպանութեան պատմութեան հետ անոնց առնչութիւնը: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ բացման արարողութիւնը կայացած է Ապրիլ 23-ին:
«Ցուցադրութիւնը նուիրուած է Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։ Նման խորագիր ընտրուած է, քանի որ երկուսն ալ ըլլալով շատ լաւ ընկերներ, բարեկամներ, մեծ շփումներու եզրեր ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Ցուցադրութեան ընթացքին չենք անդրադառնար անոնց գրական, երաժշտական վաստակին, այլ՝ առանցը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է ու անոնց առնչութիւնը»,- ըսած է թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ու նշած՝ անոնց ստեղծագործութիւններուն կողքով անհնար է անտարբեր անցնիլ:
Ցուցադրութիւնը բացուած է թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Պարսամեանի ջանքերով։ Ան նկատած է՝ այսօր ողջ հայութիւնը կը նշէ Կոմիտաս Վրադապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-երրորդ տարելիցը: «Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ոչ միայն չէր կրնար անմասն չմնալ, այլ շատ կարեւոր առաքելութիւն ունէր այս ուղղութեամբ: Ցուցադրութեան խորագիրը ինքնին կը յուշէ անոր նպատակը: Ցուցադրութիւնը ունի բովանդակային երկու հիմնական ուղղուածութիւն: Նախ` կը լուսաբանուին երկու հանճարներու եւ բարեկամական եւ ստեղծագործական առնչութիւնները, ապա առաւել շեշտադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն հետ վերջիններուս ունեցած անմիջական կապը»,- ըսած է Պարսամեան:
Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: «Քանի որ Թումանեանն ու Կոմիտասը առնչութիւն ունեցած են նաեւ ցեղասպանութեան թեմային, այս ցուցադրութիւնը նաեւ կարեւոր է ատով: Այստեղ ցուցադրուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին գործունէութիւնը, եւ ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը անոնց գործունէութեան վրայ։ Խորհրդանշական է, որ ցուցադրութիւնը կը բացուի ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի նախօրէին, եւ վստահ եմ, որ վաղը մեր շատ հայրենակիցներ նաեւ պիտի այցելեն այս թանգարան եւ ծանօթանան այդ գործունէութեան»,- նշած է նախարարը:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են ինչպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամին, այնպէս ալ ՀՀ տարբեր արխիւներու եւ թանգարաններու ֆոնտերուն մէջ պահուող բնօրինակ նիւթեր, բացառիկ պատկերներ: Առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած պիթլիսցի Աղաւնի Մկրտչեանի տեսաձայնագրութենէն հատուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի՝ 1915 թուականին Էջմիածնի մէջ գաղթականներուն օգնութիւն կազմակերպելու մասին: Ներկայացուած բացառիկ բնօրինակ նիւթերուն մէջ առանձնայատուկ է 1915-ի Ապրիլին Չանկըր աքսորուած եւ սպաննուած մտաւորականներէն Վարդերես Աթանէսեանի՝ աքսորի ընթացքին պատրաստուած եւ մեզի հասած ուլունքաշար-համրիչը՝ բախտակից աքսորեալ 99 մտաւորականներու անուններուն փորագրութեամբ, ի դէպ՝ առաջին հատիկին վրայ Կոմիտաս Վարդապետին անունն է:
Ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի Թումանեանի «Անուշ» պոէմի հիման վրայ Կոմիտասի համանուն անաւարտ օպերայի երաժշտութեամբ: Ցուցադրութեան բացումէն ետք՝ Յիշողութեան պուրակին մէջ տեղի ունեցած է եղեւնիներ տնկելու հանդիսաւոր արարողութիւն՝ ի յիշատակ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեաններուն: Եղեւնիները տնկած են Յովհաննէս եւ Սողոմոն անուններով երեխաներ: Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ այս տարուան Օգոստոս 30: