Կիրակի՝ 7 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ 2018 տարեշրջանի ընդհ. անդամական ժողովը «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահէն ներս:
Ժողովի բացումը կատարեց ԹՄՄ Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենապետ պրն. Պերճ Գոգորեան, որ խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարչութեան տարուէ տարի ամէն մարզէ ներս ընդարձակուող գործունէութեան մասին,
Ապա ընտրուեցաւ օրուան դիւանը՝ Պրն. Պարգեւ Նազարէթեան – Ատենապետ եւ պրն. Ծերոն Օհանեան – Ատենադպիր: Օրուան դիւանի Ատենապետի շնորհակալութեան խօսքերէն ետք ընթացք տրուեցաւ օրակարգի նիւթերուն:
Առաջին օրակարգը եղաւ ընթերցում նախորդ Ընդհ. Ժողովի ատենագրութեան եւ վաւերացում, որ կարդացուեցաւ օրուան ատենադպիրին կողմէ եւ վաւերացուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Ապա ներկայացուեցաւ տարեկան գործունէութեան տեղեկագրութիւնը, որ ընթերցուեցաւ վարչութեան ատենապետի կողմէ, ուր ան շեշտեց թէ 2018 տարին բեղուն գործունէութեան քանակին՝ եւ որակաւոր յայտագիրներով աւարտուեցաւ:
Պէտք է աւելցնել «Ապագայ» շաբաթաթերթին հրատարակումը, , ուրբաթօրեայ ընթրիքները, ճատրակի խումբի փորձերն ու մրցանքները, Պրիճի հանդիպումները, Արմենականներու, պատանիներու ու կրտսերաց հաւաքներն ու ճամբարները, Սեւան Ճամբարի որակաւոր կազմակերպուած աշխատանքները, Նայիրի պարախումբի վերսկսումը եւ այլ գործունէութիւններ:
Անցնող տարուան ընթացքին, վարչութիւնը խանդավառուած էր ընդհանուր զարգացման թափը շարունակելով: Ուրեմն տեւականութիւնը պահեց՝ գիտական, գեղարուեստի, բժշկական, տնտեսական, ազգային եւ այլ զանազան նիւթերու մասին բանախօսութիւններ կազմակերպելով: Որակաւոր այլ ընկերային այս մտերիմ հանդիպումները շարունակուեցան ձմեռուայ ու գարնան ժամանակաշրջաններուն:
Մեծայարգ Պրն. Գոգորեան իր համապարփակ տեղեկատուութեան մէջ մէկ առ մէկ մանրամասնօրէն տեղեկացուց ժողովականներուն՝ կատարուած բոլոր աշխատանքները եւ ներկաներուն ծափողջոյնով վերջացուց իր տեղեկատուութիւնը:
2018 տարեշրջանի գործունէութիւններու թիւը կը հաշուէր՝ 51 ձեռնարկ, որ եռապատկուած էր բաղդատմամբ նախորդ երկու տարիներուն:
«Ապագայ» շաբաթաթերթի եւ ABAKAnews.org-ի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց «Ապագայ»-ի ժրաջան եւ գործունեայ խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեան: Ան իր խօսքին մէջ վստահեցուց որ ԱՊԱԳԱՅ շաբաթաթերթը կը շարունակէ լոյս տեսնել եռալեզու բովանդակութեամբ անխափան կերպով, ապա յիշեց թէ անցեալ շաբաթ «Ապագայ» շաբաթաթերթը հրատարակեց իր 2139-րդ թիւը, իսկ ABAKAnews.org-ը բոլորեց իր երրորդ ամբողջական տարուան մը շարունակական սփռումը: Ան նաեւ մատնանշեց թէ «Ապագայ»-ն թեւակոխեց իր 43-րդ տարին:
Պրն. Խմբագիրը նշեց նաեւ, որ 2018 տարին յատկացուցած էինք Մայրենի լեզուին եւ յատկապէս «Արեւմտահայերէնին» եւ այդ ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք տարուեցաւ թերթի էջերուն մէջ:
Աւետիս Պագգալեան իր խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին թերթին ամէն ձեւով, ըլլայ անիկա սիրողական աշխատանքով, կամ նիւթական օժանդակութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Դոկտ. Արշաւիր Կօէնճեան բարձր գնահատեց թերթի աշխատանքը եւ անդրադարձաւ թերթի կարեւորութեան մասին, ապա յիշեց թէ որքա’ն նրբութիւն եւ բծախնդրութիւն պահանջող աշխատանք ըլլալը. ան իր կարգին գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագիրին եւ թերթի անձնակազմին:
«Տիգրան Պետրոսեան» ճատրակի երիտասարդական խումբին վերաբերեալ արտայայտուեցաւ պրն. Պերճ Գոգորեան, որ ըսաւ թէ ճատրակի խումբը հիմնուեցաւ 2015 թուականին եւ թէ մեր երիտասարդ ուժերէն՝ Երուանդ Տէմիրճեանը պատասխանատուութիւն ստանձնած է ղեկավարելու խումբը: Ներկայիս մասնակից աշակերտներու թիւը հասած է 25-ի, եւ հաճոյքով տեղեկացուեցաւ, որ խումբը զանազան մրցանակներ նուաճած է ու բարձր գնահատականներ ստացած է: «Ահաւասիկ մեծ գոհունակութեամբ պէտք է արտայայտուիմ, որ դասընթացքները կը շարունակուին ամէն Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ 9-ը», եւ աւելցուց թէ շրջանաւարտ ճատրակի տղաներու բացակայութիւնը կը լրացնեն իրենց ծնողքը, ճատրակի օրերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելով:
Ընկերային Յանձնախումբի տեղեկագրութիւնը ներկայացուց Պրն. Վարդիվառ Մուղալեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց իրենց տարած աշխատանքները, որոնք մեծ գոհունակութիւն ստեղծած էին Սուրիահայ մեղուաջան աշխատակիցներու եւ երիտասարդացի մասնակցութեամբ:
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիահայերու մասնակցութեան մասին Թէքէեան Մշակութային Միութեան յարկէն ներս:
Նիւթական տեղեկատուութիւնը ներկայացուց պրն. Հրաչ Թորիկեան, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց տիկ. Սալբի Մարկոսեանին, հաշիւներու առնչութեամբ իր օգտակար աշխատակցութեան համար ու բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:
Վարչական անդամներու ընտրութիւնը տուաւ հետեւեալ արդիւնքները՝ Նուպար Պապիկեան, Խաչիկ Ճէրճեան, , Տէմսի Արզումանեան, Սարգիս Մարաշլեան, Ալէն Էսսէն, Վիգէն Աբգարեան, Աբրահամ Տէմիրճեան, Ցոլինէ Մուղալեան, Յակոբ Թահան, Իսկէն Գարամանլեան եւ Յարութ Պաղտասարեան, Նայիրի Իզրայիլեան եւ Սիլվա Թէլալլեան:
Օրուայ ատենապետի փակման խօսքէն յետոյ ժողովը աւարտեցաւ ժամը 4:20-ին: