ՀԲԸՄ-Ի ” SECRET NATION. THE  HIDDEN ARMENIANS OF TURKEY” ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

Մեծ Եղեռնի 104-րդ տարելիցին, Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի ոգեկոչման միջոցառումներու ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ Գահիրէի մասնաճիւղը կազմակերպած էր “Secret Nation. The hidden Armenians of Turkey” դասախօսական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ, Ապրիլ 24-ին, Գահիրէի «Պըլըքտանեան»  սրահէն ներս։
Միջոցառումը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ Գահիրէի եւ ԱՄՆ-ի NAASR (The National Association of Armenian Studies and Researches) հիմնարկին համագործակցութեամբ։
Դասախօսը՝ Վենետիկէն հրաւիրուած Տիար Աւետիս Հաճեանն էր, Հալէպ ծնած, փոքր տարիքէն Արժանթին գաղթած, այնտեղ իր ուսումը աւարտած եւ որպէս լրագրող արժանացած է մագիստրոսի աստիճանին։
Տիար Հաճեանը, շատ ոգեւորուած եւ նոյնիսկ՝ յուզուած էր իր ըմբոշխնած, եգիպտահայ համայնքի գրկաբաց եւ ջերմ ընդունելութեամբ. «Վերջապէս, տարիներ վերջ հասկցայ, թէ ինչո՞ւ Հալէպ ծնած հայրս, մի՛շտ կը կարօտնար իր ծննդավայրը… »,- անմիջականօրէն արտայայտուեցաւ ան։
Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Տիար Հաճեանի պատմածներուն։
Դիտումնաւոր օգտագործեցինք պատմածներուն բառը, քանի որ համոզուած ենք լիովին որ պաստառին վրայ, Տիար Հաճեանին ցուցադրած իւրաքանչիւր նկարին հետ իր յիշածը, պատմութիւն մըն էր՝ առանձին։
Թուրքիոյ տարբեր վայրեր թափառելով, փնտռելով, այնտեղ ապրող թաքուն հայերը գտնելով, իր յայտնաբերած պատմութիւններն էին ասոնք՝ իրական եւ շատ յաճախ՝ յուզիչ, որոնք հեղինակը, Տիար Աւետիս Հաճեանը, տեղադրած էր “Secret Nation. the hidden Armenians of Turkey” գիրքին մէջ։
Այնտեղ, թաքուն պահուած հայ ինքնութեան հետ, թաքուն պահուած, նախշուած խաչեր կային օրինակ, բարձին տակ, հաւատքով պահուած Աւետարաններ, յետոյ, ժամանակի ընթացքին փոխուած ինքնութիւններ, անուններ, վաղեմի, անկատար եւ երբեմն ալ հրաշքո՜վ կատարուած երազանքներ…
Ի՞նչ էին ասոնք, եթէ ոչ՝ իրական պատմութիւններ…
Ցուցադրուած իւրաքանչիւր նկարով, բոլորս այդ պատմուածներուն հետ փոխադրուեցանք Մուշ, Կարին, Սասուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի զանազան այլ վայրեր…
Նկարներու ցուցադրութեան եւ վերոյիշեալ գիրքին այս հետաքրքրական ներկայացման աւարտին, ներկաները տարբեր հարցեր տուին դասախօսին, որոնց ընդմէջէն տեղեկացանք, որ Տիար Հաճեան որպէս արժանթինցի Թուրքիոյ մէջ  շրջած, եւ հասած էր այս գաղտնի տեղեկութիւններուն…
Իմաստալից էր մեզի համար, Ճիշդ այդ օրը՝ Ապրիլ 24-ին, անգամ մը եւս հաստատել որ   ճակատագրական, կամայ թէ ակամայ, ձեւով մը պարտադրուած ամենադժուար պայմաններուն հանդերձ, անյաղթահարելի՛ է հայ ինքնութիւնը…
Հոն է անիկա՛, զայն կրող մարդուն հոգեւոր, ամենաիրաւ, էութեան մէջ. հո՛ն է անիկա, թէկուզ թաքուն, գաղտնի, անխօս եւ աննշմար…
Այդ նկարներու հերոսներէն որո՞ւն մտքէն կրնար անցնիլ արդեօք, թէ օր մը, Արժանթինցի ֆութպոլի աստղ՝ Մէսսիին երկիրէն ուրիշ հերոս մը կուգայ, նոյնպէս թաքո՜՜ւն, եւ ի լոյս կը հանէ անոր հոգիին խորո՜ւնկ յատակները տեղ մը, մասունքի պէս պահուած ու փայփայուած այդ էութիւնը՝ հայ…

Սեւան Սեմէրճեան