Իռլանտայի մայրաքաղաք Տուպլինի Մայր տաճարին մէջ, որ յայտնի է նաեւ Սուրբ Երրորդութեան տաճար անուանումով, բացուած է հայկական խաչքարերուն նուիրուած լուսնկարչական ցուցահանդէս, որ պիտի տեւէ ամբողջ Մայիս ամսուան ընթացքին։
Ըստ CatholicIreland.net կայքին՝ ցուցահանդէսը բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով: Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան՝ տաճարին մէջ ներկայ եղած են Իռլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանը, հայոց թեմի ներկայացուցիչ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը:
Լուսանկարչական ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ այցելուներուն հետաքրքրական տեղեկութիւններ գիտնալու հայկական խաչքարերու եւ աւանդական իռլանտական խաչ-յուշարձաններու նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մասին: