«Ով հայ ժողովուրդ, քու միա’կ փրկութիւնը, քո հաւաքական ոյժի մէջ է»: Խրատած էրէ Եղիշէ Չարենց, եւ Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը, այլ ամբողջ Մոնթրէալահայ գաղութը արձագանգեց այդ կոչին:
Մօտ 26 կազմակերպութիւններ՝ բոլորը – առանց բացառութեան – դարձեր էին մէ’կ բռունցք:
Փառահեղ 104 ամեակի ոգեկոչումն էր որ կը ցնցէր Ս. Յակոբ Ազգ. Վարժարանի՝ «Բաստրմաճեան» սրահին պատերը:
Խուռներամ հայութիւնը, լեցուած ազգային պատասխանատուութեան բարձր զգացումով՝ Կիրակի 28 Ապրիլ 2019 ին եկած էր իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու 1.5 միլիոն զոհերու:
Տեղի չգոյութեան պատճառաւ, բոլոր պատանիներն ու մանուկները յարգանքով՝ տրամադրած էին իրենց աթոռները՝ ոտքի մնացող ներկաներուն, մինչ իրենք սրահին աստիճաններուն վրայ «ծալպատիկ» նստած, յուզումով կը հետեւէին գեղեցիկ ու գունաւոր յայտագրին:
Յայտագրին բոլոր մասնակցողները՝ պատանիներ, երիտասարդներ կամ դպրոցական աշակերտներ էին, խմբային երգով ու արտասանութեամբ – Նարեկ վարժարանը, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք Մանուկեան Վարժարանի մանուկներու երգչախումբը: Charles Aznavour ը անգամ մը եւս մեզի յիշեցուց «Ils sont tombés»ն Ս. Յակոբ վարժ. Ի երգչախումբի կատարումով:
Այսօր Մոնթրէալահայ գաղութը նոյնպէս կը տօնէր Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակը. այս առիթով յայտագրին մեծ մասը շնորհուած էր անոր: Կոմիտասեան երգը կը հնչէր հզօր ու շքեղ, որպէս հայ ստեղծագործ հանճարին յաղթերգը պանծալի:
Քէլէր, ցոլեր՝ իմ եարը,
Հով ծառի տակ,
Զով ծառի տակ
Ե’կ տղայ …
կամ՝
Ծիրանի ծառ, բար մի’ տա վա՜յ.
Ճըղներըդ իրար մի’ տա վա՞յ.
Լարային ու աղեղային ներդաշնակ միաւորումը՝ կը կատարուէր Լինէթ Իսրայէլեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալինա Իսրայէլեանի արհեստավարժ ու զգայուն մատներով:
«Կռունկ»ը առաւել յուզեց մեզ: Տասը տարեկան Ազատ Վարդանն էր այդ մեկնաբանողը՝ իր ջութակով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Դալար Հարպոյեան Գալլողլեանի:
Հեզաճկուն ու առնական շարժումներով, ինչպէս միշտ, դարձեալ մեզ հմայեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գառնի» պարախումբը՝ Լուտֆիկ Պուլղատարեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
«Տարիներ առաջ՝ 24 ը եղած էր «Ապրելու’ Ապրիլ». եղած էր սգատօն:
Այս վերջերս սկսած է ըլլալ յուշատօն:
Իսկ մօտ ապագային Ապրիլ 24 ը պիտի ըլլայ փառատօն մը»:
Այսպէս թունդ ձայնով բացման ու աւելի վերջը փակման խօսքերով մեզ խանդավառեց Ցոլիկ Մուղալեանը, որուն ընկերակցեցաւ Հրակ Չինչինեանը դիւրայաղորդ եւ լաւ առոգանութեամբ՝ ֆրանսերէնով ներկայացուց ընդհանուր ողբերգականը ցեղասպանութեան:
Առաջին առիթով բեմ հրաւիրուեցաւ Գանատայի մօտ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս մեծայարգ Տիար Արա Մկրտչեանը: Ան իր եռալեզու խօսքերուն մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Տիկ. Թամար Շահինեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց հոյլ մը քաղաքական դէմքերը՝ Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչ Սթեֆան Պուայէ, Մոնթրէալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ Էմիլի Թուիյէ, որ հանդէս եկաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալէրի Բլանթի անունով, եւ Մարի Տէրոս, Քէպէքի նահանգային ներկայացուցիչներ Քրիսթոֆըր Սքիթ եւ Մարուա Ռըզքի, իսկ Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիրի խօսքը ընթերցեց Հրակ Չինչինեան: Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Ազատական կուսակցութեան անունով հանդէս եկաւ դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրին: Բոլոր խօսք առնող պետական հիւրերը միաձայն յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը Գանատայի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
* * *
Անհրաժեշտ կրկնութեան համար, դարձեալ կը յիշենք, թէ յայտագրին բոլոր մասնակցողները՝ պատանի, դպրոցական ու երիտասարդներ էին
Ուրեմն՝
Այն Յոռետեսները, որոնք իրենց ժխտական մաղձը կը թափեն նոր Սերունդին վրայ, ձուլումի կամ ուծացումի անարդար պիտակը փակցնելով անոր ճակտին, ժամանակն է, որ լռեն այլեւս:
Այո’ լռեն որովհետեւ իրենց մտիկ ընող չկայ:
Վկա’, դպրոցականներու ու պատանիներու մատղաշ ու անմեղ ձայնը այսօրուա’ն, որ վա’ղը բողոքի պոռթկում պիտի դառնայ:
Վկա’, երիտասարդ լարերն ու աղեղները՝ ջութակի, որ Կոմիտասէն առնելով՝ բիւրեղացած, նոյնքան գեղեցկացած վերընծայեցին մեզի:
Վկա’ յաղթական ոստումները հայկական պարերու:
Եւ վերջապէս, վկա’ ներկայ հայ մանուկներն ու երիտասարդները, որոնք հպարտութեամբ կը հետեւէին յայտագրին:
Այո’, թող լռե’ն այլեւս այդ Յոռետեսները…
Որովհետեւ անոնց համար մէ’կ ընելիք կայ միայն:
Երթալ, մէկ անկիւնը՝ գաղութին, մեկուսանալ եւ ձեռքերը իրենց կուրծքին ծեծելով՝ զղջումով ըսել.- մեղա՜յ… մեղա՜յ… մեզ Յոռետեսներս…:
… Իսկ մենք՝
Մեր կարաւանը կը քալէ… թերեւս կը սուրայ, միասին ունենալով՝ փառք, պատիւ եւ առաքելութիւնը՝ միասնականութեան:
Պերճ Գոգորեան