Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութեանց թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է

«Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն. վերապրողներու վկայութիւնները» խորագիրով եռահատոր գիրքը, որ նաեւ արխիւային փաստաթուղթեր կը բովանդակէ, մէկ հատորի մը մէջ ամփոփուելով՝ թարգմանուած է թրքերէնի եւ հրատարակուած Թուրքիոյ մէջ, կը հաղորդէ “Մարմարա”ն։

1500 տպաքանակով գիրքը թարգմանուած է Տիրան Լօքմակէօզեանի կողմէ։

Հրատարակիչ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու, որ Հայաստան կը գտնուի, Հայաստանի պետական արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեանի եւ «Վան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ռուբէն Կալչեանի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ նորատիպ գիրքին մասին։

Ըստ Զարաքօլուի՝ վերապրողներու վկայութիւնները կարեւոր տեղեկութիւններ կը բովանդակեն պատմական, քաղաքական ու իրաւական տեսանկիւններէն։

Սոյն հատորը 2012-ին հայերէնով լոյս տեսած էր «Վան» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Եռահատոր գիրքը կը բովանդակէ Վանէն, Պիթլիսէն, Էրզրումէն, Սվազէն, Խարբերդէն եւ Տրապիզոնէն հայ վերապրողներու 602 վկայութիւնները։

Այս վկայութիւններէն 145-ը 2013-ին անգլերէնով լոյս տեսած են անջատ հատորի մը մէջ, իսկ ապագային նախատեսուած է ռուսերէնով, սպաներէնով եւ ֆրանսերէնով եւս լոյս ընծայել զայն։