ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՀՈՅԱԿԱՊ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ ՀՄԱՅԵՑԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175ամեակին նուիրուած բարձրամակարդակ ներկայացում մը սարքուեցաւ. որ կոչուած է ոսկեայ տառերով արձանագրուելու Իսթանպուլահայ համայնքի պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Ներկայացումը կը կրէր՝ «Սասունցիներու Պար» անունը. որուն հերոսներն էին Հայաստանէն հրաւիրուած 60 պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներ, որոնք մեզի պիտի հրամցնէին Հայաստանցի բանաստեղծ Գէորգ Էմինի բառերուն վրայ, նշանաւոր յօրինող Մաժակ Թօշիկեանի այս ստեղծագործութիւնը: Ստեղծագործութիւն՝ որ 2018 Սեպտեմբերին առաջին անգամ ներկայացուած էր Հայաստանի մէջ եւ ջերմ գնահատանքի արժանացած:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Պաքըրգիւղի «ԼէյլաԿէնճէր» սրահին մէջ, որ սիրայօժար տրամադրուած էր տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ: Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւններուն կողմէ տրամադրուած էին երկերկու օթօպիւսներ, հանդիսատեսներու փոխադրութեան համար:
Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր մինչեւ յետին կարգերը: Ներկայ էին՝ Սահակ Սրբազան, Զաքէոս Հայր Սուրբ, երեսփոխան Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներ՝ Սահակ Սարգսեան, Նաղաշ Յակոբեան, իրենց կողակիցներուն հետ, Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Մեսուտ Էօզտէմիր, Վազգէն Պարըն, Պաքըրգիւղի Քաղաքապետը, ձեռնարկի բարերարներ՝ Գարակէօզեանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Սասունցիներ՝ Էֆրիմ Պաղ. Ճէզօ Թաշ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Հանդէսին բացումը կատարեց 175ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Հերմինէ Պէնլիօղլու, որ ներկայացուց Տատեան Վարժարանը, շեշտելով որ մեր այս վարժարանը տասնամեակներ շարունակ հասցուցած է սերունդներ եւ այդ սերունդներուն մօտ արթնցուցած եւ ամրացուցած է հայ գիրի եւ գրականութեան. Հայ մշակոյթի, մեր պապերու հաստատած սրբազան արժէքներու հանդէպ սէր եւ նուիրում:
Օրուան հանդիսավարն էր շնորհալի արուեստագիտուհի Գարօլին Մամիկոնեան, որ գեղեցկօրէն ներկայացուց ծրագիրը, բնութագրեց «Սասունցիներու պար» ստեղծագործութեան արժէքը, իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանցի արուեստագէտներու ներկայութեան համար:
Հանդէսը կը բաղկանար երկու բաժիններէ: Հայաստանցի հիւրերը անակնկալ մը ըրած էին եւ յայտագրին սկիզբը իրենց արուեստէն նախաճաշակ մը պիտի տային հանդիսատեսներուն:
Այսպէս ուրեմն, առաջին իսկ վայրկեանէն հանդիսատեսները կախարդուեցան, երբ բեմին վրայ տեսան կարմրուկ ազգային տարազներով պատանի հրաշալի պարողներ. որոնք ոտքի համաչափ շարժումներով եւ ճկուն մարմնախաղերով բացառիկ հաճոյք պատճառեցին ներկաներուն:
Այս բաժնին մէջ հանդէս եկաւ երիտասարդ երգչուհի մը, որ հանդիսավարի փորձառու կեցուածքով եւ ներկաները ոգեւորելու իր կարողութեամբ, նաեւ իր ներկայացուցած երկու երգերով երգերով գրաւեց սիրտերը:
Իսկ երկու մանուկներ, մարզական հրաշալի խաղերով արբեցուցին հանդիսատեսները:
Յետոյ կարճ դադար մը տրուեցաւ:
Սկսաւ երկրորդ բաժինը. «Սասունցիներու պար»ը:
Անկարելի է նկարագրել այս ներկայացման յաջողութիւնը: Բեմին վրայ էին «Նարեկ» պարախումբի վաթսուն մանուկները, «Արմէններ» հարուածային գործիքներու արուեստագէտները, «Փարոս» երգչախումբի անդամները, նաեւ անզուգական կարելի է ըսել՝ խումբի երգչուհին՝ Գոհար Յովհաննէսեանը:
Փոթորիկը սկսաւ: Գէորգ Էմինի բառերուն վրայ գրուած ժամանակակից պար մըն էր որ պիտի ներկայացուէր, որ ունէր ազգային հարուստ ենթահայ: Մեր դարաւոր պատմութիւնն էր որ կը խօսէր բեմին վրայ: Պարին մէջ կը ներկայացուէր Սասնայ մեր ժողովուրդի ապրելակերպը, արհաւիրքներու դէմ պայքարելու հաստատակամութիւնը. Հայ ժողովուրդի ազատ ու երջանիկ ապրելու տենչանքը:
Բեմին վրայ առաջին տեսարանը սրտաճմլիկ էր: Աղէտ պատահած էր: Կը տիրէր մահուան տեսարան, նոր սերունդներու յայտնաբերումով: Այդ պատկերին դիմաց բեմ բերուեցաւ հսկայ տոմար մը, հայերէն խորագրով: Տոմարի կողքին բառերը անընթեռնելի էին, որովհետեւ շրջուած էին. կը նկարագրէին մեր ժողովուրդի շրջուած դժբախտ օրերը: Տոմարը դրուեցաւ բեմի տախտակամածին վրայ եւ պարողները, խաղի ընթացքին. ուրախ եւ տխուր դրուագներու պատմումին մէջ, մէկ առ մէկ դարձուցին այդ էջերը. հանդիսատեսին ներկայացնելով մեր պատմութենէն տխուր. ապա բարւոք յետոյ աւելի բարգաւաճ ու երջանիկ շրջաններ: Պատմութեան այդ էջերը դարձան նախ աղէտ ու մորմոք ներկայացնելով, յետոյ հասան փայլուն եւ պայծառ օրերու: Այդ վայրկեանէն սկսեալ պատմութեան տոմարը ընթեռնելի դարձաւ. խոստանալով մեզի սերունդներ շարունակ անսասան մնալ եւ վերապրիլ՝ յաւերժօրէն:
Խաղի այս բաժինը տեւեց լման մէկ ժամ: Դերակատարները շարունակ բեմին վրայ էին: Անոնք պարեցին աներեւակայելի յաջողութեամբ, առանց ընդհատումի, մարմնական բացառիկ ճկունութեամբ, հովի արագութեամբ եւ բարձրաթռիչ ոստումներով: Գոհար Յովհաննէսեան, իր սքանչելի ձայնով, երգեց երբեմն հոգեխռով, սրտաճմլիկ երգեր, երբեմն ալ յաղթանակներ շեփորեց:
Յետոյ հանդէս եկաւ Գարօլին Մամիկոնեան, որ իր խօսքերը աւարտին բերաւ արտասանելով Գէորգ Էմինի հետեւեալ տողերը.
Պարեց Սասունն ու ողջ աշխարհը հիացաւ
Պարեց Սասունն ու ողջ աշխարհը հասկցաւ
Որ պար չէ սա, այլ մի ազգի քաջ պատմութիւն
Ուր պարտութիւնն նոյնիսկ ունի հպարտութիւն:
Աւարտին, մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրուեցան «Արմէններ» հարուածային գործիքներու անսամպլի ղեկավարներ՝ Արման Տաչեան, Գուրգէն Թամրազեան, «Նարեկ» պարախումբի վարիչներ՝ Արման Ջուլհակեան, Սասունցիներու պարի ընդհանուր բեմադրիչ՝ Գրիգոր Խաչատուրեան, նաեւ Մաժակ Թօշիկեան, որոնք յուշանուէրներ ստացան: Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ Ատենապետ՝ Մեսուտ Էօզտէմիրի, բարերարներ՝ Էֆրիմ Պազի, Ճէզօ Թաշի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետին:
Այս առիթով գնահատական արտայայտութիւններ ունեցան Պաքըրգիւղի քաղաքապետն ու Սահակ Սրբազանը:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայաստանցի դերակատարները, իրենց մարզիչները, որոնք ջերմ հով մը բերին իրենց հետ եւ ոգեւորեցին մեր համայնքը:
Կը շնորհաւորենք սիրելի Մաժակ Թօշիկեանը, որ մեր համայնքի պարծանքն է:
Շնորհաւորութիւններ կ’ուղղենք Գարօլին Մամիկոնեանին, նաեւ Տատեանցիներուն, որոնք անմոռանալի հրաշալի գիշեր մը նուիրեցին մեզի:
Մ. Պ. Յ.
«ՄԱՐՄԱՐԱ»