Անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու մասին ցուցահանդէս` Թուրքիոյ մէջ. ներկայացուած են նաեւ Արեւմտահայերէնն ու Համշենի բարբառը

Մայիս 23-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ’ունենայ մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի թեմայով ցուցահանդէսի բացումը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Gazete Duvar լրատուական կայքէջը:

Աղբիւրին համաձայն` 1990-ականներէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու պահպանման ուղղութեամբ պայքարի թեմայով սոյն ցուցահանդէսը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «Լեզուի մը հետքերով. 90-ականներէն մինչ օրս մշակութային ոլորտի մէջ պայքարը մայրենի լեզուի պահպանման նպատակով»: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ այս տարուան Յունիս 17, Պոլսոյ «Քարշը սանաթ» սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վերջին 30 տարիներուն այդ բնագաւառին մէջ կատարուած աշխատանքները: Ան առաւելապէս կեդրոնացած է Չերքեզերէնի, Արեւմտահայերէնի, Հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառի, Քրտերէնի եւ Լազերէնի պահպանման ուղղութեամբ կատարուած քայլերու վրայ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան տուեալներով` Թուրքիոյ մէջ խօսուող շուրջ 20 լեզուներ լիովին վերացման վտանգի տակ են: Անոնց մէջ են Արեւմտահայերէնը, Համշէնի բարբառը, Պոնտական յունարէնը, Ասորերէնը, Աբխազերէնը, Լազերէնը, Չերքեզերէնը գնչուներու կողմէ կիրառուող Ռոմաներէնը եւ այլ լեզուներ ու բարբառներ:

 

Մելինէ Անումեան