Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի 36րդՊատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Մայիս 24-26, 2019-ին Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան Միաձայնութեամբ Վերընտրուեցաւ Առաջնորդ

Մայիս 24-26 ի շաբաթավերջին Օթաուա-ի Ս. Մեսրոպ ծուխի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի 36րդ Պատգամաւորական Ժողովը ներկայութեամբ աւելի քան 40 պատգամաւորներու եւ բոլոր ծուխերէն եկած հոգեւորականաց դասին, ինչպէս նաեւ տարբեր ծուխերու մէջ գտնուող ծխական Տիկնանց մարմիններուն եւ Երիտասարդական մարմիններուն ներկայացուցիչներուն: Ըստ Թեմիս ծրագիր կանոնագրին տեղի ունեցող այս ժողովին Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերու նիստերուն ընթացքին Պատգամաւորական Ժողովը բծախնդիր կերպով հետեւեցաւ մանրամասն օրակարգի մը ուր տրուեցան բազմաթիւ բարոյական եւ նիւթական տեղեկատուութիւններ: Քննարկուեցաւ անցնող մէկ տարուայ ընթացքին Թեմէն ներս կատարուած լայնատարած եւ բազմերէս գործունէութիւնը գլխաւորութեամբ շրջանաւարտ Թեմական Խորհուրդին եւ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեանին:

Կատարուեցան մասնակի ընտրութիւններ Թեմի Թեմական Խորհուրդին եւ Կալուածոց Մարմնին շրջանաւարտ անդամները փոխարինելու համար: Թեմական Խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Պարոնայք Ժիրայր Տոլար եւ Մկօ Քանօնտճեան, իսկ Կալուածոց Մարմնի անդամ վերընտրուեցաւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:

Համաձայն Թեմիս կանոնագրութեան, այս տարի կը լրանար նաեւ Առաջնորդի պաշտօնավարութեան հնգամեայ շրջանը հետեւաբար Շաբաթ օր յետ միջօրէի նիստին գլխաւոր օրակարգի հարցն էր Թեմիս Առաջնորդի ընտրութիւնը նոր հնգամեայ շրջանի մը համար: Նոյնպէս համաձայն Թեմի կանոնագրին Պատգամաւորական Ժողովին ներկայացուած էր թեկնածուներու եռանուն ցանկ մը վաւերացուած Ամենայն Հայոց Վեհափառ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ: Եռանուն ցանկին վրայ էին շրջանաւարտ Գերշ. Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեանի անուան կողքին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ միաբաններէն Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի եւ Հոգշ. Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանի անունները: Թեկնածու այս երկու հոգեւորականները եւս ներկայ կը գտնուէին Պատգամաւորական Ժողովի բոլոր նիստերուն: Անոնք ամբողջ շաբաթէ մը ի վեր հիւրաբար կը գտնուէին Գանատա եւ այցելեցին տարբեր ծուխերը ուր ունեցան ծանօթացման հանդիպումներ եկեղեցիներու պատգամաւորներու հետ եւ ծանօթացան տեղական ծուխերու եւ գաղութի կեանքին:

Շաբաթ օր Առաջնորդական ընտրութեան հանգրուանին, ականատես եղած ըլլալով ժողովի ընթացքին ներկայացած գործունէութեանց իսկապէս տպաւորիչ տեղեկատուութեանց եւ ամբողջ շաբաթուան ընթացքին ականատէս ըլլալով Գանատահայ Թեմի մէջ տիրող խաղաղ մթնոլորտին եւ շինիչ փառահեղ գործունէութեանց, գլխաւորութեամբ շրջանաւարտ Աբգար Սրբազան Յովակիմեանին, թեկնածու հոգեւոր երկու հայրերը բարձր գիտակցութեամբ եւ յուզիչ ելոյթով մը յայտարարեցին թէ կը փափաքiեն իրենց թեկնածութիւնը յետ կոչել եւ կը յանձնարարեն ժողովին վերընտրել շրջանաւարտ Աբգար Սրբազանը շարունակելու իր հրաշալի գործունէութիւնը:

Յոտնկայս բուռն ծափահարութիւններով ներկայ պատգամաւորները իրենց ձայնը միացուցին սոյն գեղեցիկ կոչին: Այսպիսով մեր գաղութին այնքան անհրաժեշտ խաղաղ եւ շինիչ բացառիկ մթնոլորտի մը մէջ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան հռչակուեցաւ վերընտրուած Առաջնորդը Գանատահայ Թեմին հինգ տարուայ նոր շրջանի մը համար որ վստահաբար պիտի հանդիսանայ եկեղեցաշէն եւ գաղութաշէն նոր շրջան մը եւս ի պայծառութիւն մեր Թեմին:

Ընտրութեան աւարտին եւ համաձայն ընդունուած աւանդութեան, նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը առաջնորդութեամբ ներկայ հոգեւոր հայրերուն Հրաշափառի հոգեպարար երգեցողութեան կրկին մուտք գործեց տեղւոյն St. Mark Evangelist Church եկեղեցին, ուր տեղի կ’ունենար Պատգամաւորական Ժողովը: Հրաշափառի աւարտին Սրբազան Հայրը յուզումով արտասանեց իր պատգամը, շնորհակալութիւն յայտնելով թեկնածու Հոգեշ. իր եղբայրներուն եւ պատգամաւորներուն իրեն վստահած այս խիստ պատասխանատու առաքելութեան համար:

Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյրը ընդհանուր հոգեպարար եւ լաւատես մթնոլորտին մէջ:

Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթ իսկ յաջորդ օր Կիրակի կէսօրէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց իր առաջնորդական անդրանիկ պատարագը: Այս բոլորին մասին կ’անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւերով: