Երախատագիտական նուէր Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Հայաստան այցելութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ

Ֆրանչիսկոս Պապին երախատագիտական նուէր՝ քանդակ յանձնուած է Հայաստան այցելութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ։ Այս մասին կը յայտնէ vaticannews.va-ը:

«Լռութեան Ռոպէ» քանդակը Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի գործն է։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ հանգուցեալ Ֆերտինանտ Առաքելեան փափաքած էր Քահանայապետին նուիրել իր քանդակներէն մին, որ սակայն արուեստագէտի վաղահաս մահուան բերումով Վատիկան փոխադրուեցաւ միայն վերջերս եւ հինգշաբթի 30 մայիս, 2019-ի առաւօտեան, քանդակագործ Առաքելեանի ընտանիքի անդամները առիթը ունեցան զայն յանձնել Վատիկանի  իշխանութիւններուն։

«Լռութեան Ռոպէ» քանդակը կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ղեկավարներ, որոնք միասին կը քալեն  իրականացնելու Քրիստոսի պատգամը՝ որպէսզի ամէնքը մէկ  ըլլան։