Երաժշտագիտական բարձրագոյն ուսմանց տիտղոսներ ստանալու համար, ինչպէս ՝ BA, MA կամ PhD, թեկնածուները պէտք է որ տեսական նիւթերու քննութեանց կարգին՝ պատշաճ աւարտաճառով, նաեւ ցուցաբերեն իրենց ընտրած նուագարաններուն մէջ «մեկնաբանական» (performance) վարպետութիւն: Քննութիւնը կրնայ տեղի ունենալ հանրութեան ներկայութեան: Թեկնածուն իր հմտութիւնը կը փաստէ յաճախ ուրիշ նուագածուներու ընկերակցութեամբ (սենեկային կամ երկանուագ): Երաժշտական կաճառին ուսուցիչներու jury-ին, Օր. Նունէ Մելիքեանի պարագային՝ McGill-ի Schulich school of music-ի Professor-ներու «դատաժողովը» ուսումնասիրելէ ետք ներկայացումը ու աւարտաճառը կու տայ՝ pass/fail գնահատականը:
Տրուած ըլլալով դատավճիռին կարեւորութիւնը, կարելի է պատկերացնել թէ ինչ հոգեկան ու ֆիզիքական վերիվայրումներէ կրնար անցնիլ երիտասարդ արուեստագիտուհին 7- մայիս 2019-ին երեկոյեան իր concert-ին ընթացքին որ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ համալսարանին Tanna Schulich hall-ին մէջ: Նուագակիցներ՝ cellist Juan Sebastian Delgado եւ pianist Pamela Reimer: Նունէի Տոքթորական աւարտաճառին նիւթն էր՝ «Arno Babadjanian: an Armenian composer in the Soviet context»: Թեզին պաշտպանութիւնը Նունէ պէտք է որ կատարէ երկու բաժինով՝ նախ գործիքային մեկնաբանութեամբ ու անոր աւարտին՝ ներկայացնէ Պապաջանեանի առնչուած իր կատարած երաժշտաբանական ուսումնասիրութեանց արդիւնքը: Տրուած ըլլալով նիւթը, հասկնալի է որ յայտագրին երեք կտորներէն մին ըլլար սովետահայ Առնո Պապաջանեանի (1921-1983) գործը՝ Piano trio in f# minor, հեղինակուած 1952-ին: Գործը իր երեք շարընթացներով կը տեւէ մօտ 25 վայրկեան: Հոս յիշեցնեմ թէ նոյն տարին իսկ Առնոյի գործը կը ներկայացուի Մոսկուայի մէջ. Թաւ ջութակ՝ Սվիասթոսլաւ Քնութշեւցքին, ջութակ՝ անուանի Տաւիտ Օիսթրախը եւ դաշնակ, անշուշտ ընթերցողը կրահեց՝ Պապաջանեանը:
Երեկոյեան միւս երկու կտորներուն հեղինակներն ալ նոյնպէս XX-րդ դարու ծնունդ են: Երեքին հորինումներուն արտայայտչական ոճը որոշ կապակցականութիւն մը ստեղծելով, յայտագրին կուտայ ուսուցողական երեւոյթ, բան մը որ անշուշտ սպասելի է ՄգԿիլէն: Առաւել, թէ’ Պապաջանեան ու թէ’ Րախմանինօֆ ունեցած են բխրուն առողջական վիճակ:
Յակիրճ՝ ներկայացնենք Օր. Մելիքեանի կենսագրականը ու երաժշտական նուաճումները: Անոր համար անուանի ջութակահար եւ ղեկաւար Maxim Vengerov կ’ըսէ՝ “Նունէ խօստմնալից ու գերազանցօրէն տաղանդաւոր երաժիշտ մ’է, օժտուած ջութակահարի ձեռքերով որոնք գրեթէ կը հասնին կատարելութեան սահմաններուն».
Նունէ ծնած է Սիբիր ու սկսած ջութակի 6 տարեկանին: Նախ կը յաճախէ Մոսկուայի Gnessin Երաժշտական դպրոցը, ուր կայ փայլուն փոքրերու յատուկ ենթաբաժին: Միջանկեալ՝ 1929-ին Gnessin-ը աւարտած էր Ա. Խաչատուրեան որ ետքը գնահատելով 5-6 տարու տաղանդաւոր Առնոն կ’ըլլայ անոր խորհրդատուն (mentor)… Նունէ 2008-ին կը ստանայ կրթաթոշակ եւ կ’անցնի Մոսկուայի պետական երաժշտանոցը որմէ ետք, ուրիշ մի հատով մը Նունէ կու գայ Université de Montréal ուր սոյն երաժշտանոցէն 20 տարեկանին-ին կը ստանայ իր MA-ը (2011): Համբաւաւոր դառցած երաժիշտը կը վաստկի շարք մը միջազգային մրցանքներու առաջնութիւնը: Կը հետեւին ուրիշ պարգեւատրական կրթաթոշակներ որոնց կարգին՝ David Oistrakh եւVladimir Spivakov foundation-ներունը: 2014-ին կը պարգեւատրուի Հ. Բ. Ը. Մ-ի Performing Arts fellowship-ով: Տարի մը ետք Մելիքեան Մոնրէալի մէջ բեմ կու գայ Ցեղասպանութեան 100-րդ յիշատակութեան տարեդարձին, իբր Գանատայի մշակութային ներկայացուցիչը (Canada’s cultural representative): Նաեւ յիշեցնեմ թէ Նունէ եղած է մենակատար ջութակահարը զանազան նուագախումբերու, երեւնալով ՝ Carnegie Hall եւ Glenn Gould Auditorium-ներու հռչակաւոր բեմերէն:
Ժամը ճիշտ 19:30 –ին բեմ կու գան երաժիշտները սկսելու համար Պապաջանեանի վերոյիշեալ Դաշնակի երրեակին առաջին ՝ Յամրաձայն –Զուարթ ազդեցիկ (Largo-Allergro expressivo) շարժընթացը: Ծաւալուն աղեղաշարժումով լարային նուագարանները միաձայն կը ներմուծեն կտորին բնաբանը (թեմա)՝ Կոմիսասի Գարու-ա երգը որ զանազան փոփոխակներով ու շրջանային կրկնութեամբ կը ներկայացուի կտորին տեւողութեան ընթացքին: Նունէի արտայայտիչ vibrato-ները կը հաղորդեն մեղեդիին տխրագին արեւելումը: Մերթ ան ստեղնաշարէն (fingerboard) վեր կը մագլցի 4th position: Կը սահինք դեպի հրաւառ ֆօրդիսիմօն: Reimer –ի դաշնակին մի քանի ուժգին համալարներէն (chords) ետք Delgado թաւ ջութակով կը վերսկսի բնաբանը տարբեր ձայնականութեամբ (tonality) որ ծայր կուտայ Նունէի ճշգրիտ երկախօսութեան մը Տէլկատոյի հետ մինչ Րայմըր դաշնակի երկայնքին կը զարգացնէ կոմիտասեան թէմային հոլովումները: Մելիքեան կը յաջողի զարդարել ատոնք քնքուշ կիսաձայնային մեղեդիով բարակ լարին վրան, արտայայտուած՝ առանց դոյզն զիլ ճիչի մը, որ ջութակահարներուն ….եւ անոնց ունկնդիրներուն մղձաւանջն է: Լարային գործիքներէն ուժգնօրէն յորդած մեղեդիական զանազանակները Ա. Շարժընթասը իր լրումին կը հասցնեն լարային ճանկով (pizzicato) մը: Երկրորդը՝ Յորդորակ (Andante), դաշնակէն ետք օր. Մելիքեան նուրբ աղեղի հրումով մը կը ներմուծէ C Major-ով նուագուելիք տարբերակը: Reimer-ի դաշնակին հետ կարճատեւ երկեակը՝ Նունէ զգայուն vibrato-ով կը հասցնէ բարակ լարին վերի –B-ին, ու Delgado կը վերակազմէ երրեակը, բերելով իր C Major-ի փոխացեւութիւնը: Շարժընթացը կը շարունակուի մեղեդիին տարբեր հոլովոյթներով՝ միաձոյլ կամ խաւային կերպով, ոճ մը որ բնաբանին կրկնութիւնը կը հարստացնէ: Նաեւ հոս, Նունէ կը ցուցնէ տինամիքի անբասիր հասկացողութիւն: Արագաշունջ, երրորդ Allegro-vivace շարժընթացին հարուածային marcato-ներէն Նունէի ու Տէլկատոի աղեղները զոհ կուտան մի քանի թելեր: Ընդհանրապէս հոս գործը կը հարստանայ փայլուն գործիգային արուեստագիտութեամբ (virtuosity) որմէ Նունէ փաստացիօրէն ունի, եւ թէքնիքի արտացոլման, արտայայտուած ի միջի այլոց իր երկուն ձեռքերուն վարպետութեամբը, աջով՝ կշռոյթ, ձայնային ուժգնութիւնը (dynamic) եւ ձայնակապութիւնը (articulation) իսկ ձախով ձայներու մաքուր ստեղծում եւ պահպանում … արդարացնելով Maxim Vengerov-ի գնահատականը:
Վերի «փոթորիկին» յաջորդեց դանդաղ շարժընթացով (Lentamento) Sergei Rachmaninօff-ի (1873-1943) Vocalise-ը (opus 34 #14): Այդ անբառ երգը գրուած է 1912-ին իգական կամ արրական բարձր՝ soprano կամ tenor ձայներու համար: Երգիչը կը զատէ որեւէ ձայնաւոր մը ու անոր եղանակաւոր ելեւէջներով կը զարդարէ գործը: Վիպապաշտ վերջին շրջանի Րախմանինօֆի այս կտորը նաեւ վերամշակուած է զանազան նուագարաններու համար, օրինակ՝solo եւ ընկերացող գործիքի մը, որոնցմէ միայն յիշեմ ջութակահար Yascha Heifetz-ի ջութակի ու դաշնամուրին-ը: Չեմ գիտեր թէ Մելիքեանի եւ Րայմըրի մեկնութիւնը որմ՞է էր: Reimer-ի երկու զարկերէն ետք Նունէ կը զարգացնէ սլաւական երգեցիկ բնաբանը յայտ բերելով իր Landolfi ջութակին հարուստ եւ կեդրոնացած հնչիւնը, զարդարուած՝ վիպրաթոյով ու trilles-ով: Ութեակ մը վար՝ կը ստանանք աւելի յուզիչ թեմա եւ զգայուն նօթերու (notes sensibles) շարք: Ունկնդրութեան հաճոյքը կը տեւէ մօտաւորապէս 6 վայրկեան:
Էտուար Միրզոյանի (1921-2012) Introduction and Perpetuum mobile համանուագային գործը, մշակուած երկեակի համար Մէլիքեան նախորդ կտորին նման նուագեց առանց ձայնատետրի: Րայմըրի կարճ նախանուագէն ետք Նունէ հանդարտիկ կը կատարէ ժողովրդային մեղեդիով կիսաձայնային թեման ուրկէ կ’անցնի աղեղին խաղերուն չորս լարերուն վրան, յայտնաբերելով կլոր եղանակաւորում եւ անճիչ երկնակ նոթաներ (double stops). Բարակ լարին վրայ կը բռնէ բարձր Bbemol-ը: Կը վայլենք երկնակ նոթաներու ուրիշ բարդ ցուցադրութիւն: Երբեմն անեղանակ հիւսուածքով՝ Perpetuum mobile-մասը սկսաւ կտորին 6-րդ՝վայրկեանին: Այս Յարատեւ շարժում -ը՝ իր սաստիկ արագութեամբ, աղեղի խրթին դէքնիքի պահանչքով մօտ 3.5 վայրկեաննոց փորցաքար մը եղաւ երիտասարդ երաժիշտին համար ուր ան կրցաւ փաստել իր հմտութիւնը:
Ծափողջիւններէն ետք power point-ով պատրաստուած, նկարազարդ իր աւարտաճառը, օր. Մելիքեան կեդրոնացուց Պապաջանեանի կեանքին ու գործին վրայ իբրեւ սովետական շրջանի երաժիշտ: Հայ պատմութեան ու երաժշտութեսն քաղուածքէ մը ետք ուր նշուեցաւ Կոմիտասի դերը, Մելիքեան պարզեց Պապաջանեանի երաժշտական ինքնայատկութիւնները որոնք կը զատորոշեն իր գործերը, մասամբ ներշնչուած՝ մեր ազգային րամերգներէն, ռուսական երաժշտութենէն:
Ամէն աւարտական ճառէ ետք կ’ըլլայ հարց պատասխանի շրջան: Համալսարանի ուսուցչական կազմէն եկած 4, եւ ներկաներէն եկած 2 հարցումներուն օր. Մելիքեան պատասխանեց՝ ժպտուն ու բանիմաց: Տեղեկացանք թէ օրուայ քննութեան արթիւնքը յառաջիկայ օրերուն պիտի տրուէր:
Օրիորդը եւ միւս երաժիշտները ստացան ծաղկէփունչեր: Ներկայ էին ԱՄՆ-էն եկած Նունէի հայրն ու քոյրը:
Մինչ այս գրութիւնը կ’աւարտէի, Համազգայինի շրջանային վարջութեան ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գահվէճեանէ իմացայ թէ Նունէ յաջողութեամբ անցած է դոկտորական քննութեան: Տիկին Գահվէճեանն էր որ աշխատեցաւ մեր համայնքին մօտ հետաքրքրութիւն արթնցնել մայիս 7-ի երեկոյեան ելոյթին մասին:
Յարատեւ յաջողութիւններու մաղթանքներ ՝ Երաժշտական մեկնաբանութեանց՝ Դոկտ. Նունէ Մելիքեանին
Դոկտ Ատոմ Պուճիգանեան, Մոնրէալ