Հայ նկարիչին՝ կրակով նկարած պատկերները ներկայացուած են Ժնեւի ՄԱԿ-ի  կեդրոնատեղիին մէջ. Forbes

Ժնեւի մէջ ՄԱԿ կեդրոնատեղիին մէջ ներկայացուած են լիբանանցի հայ նկարիչ եւ քանդակագործ Ժան Պողոսեանի աշխատանքները:

Այս մասին կը տեղեկացնէ՝  Forbes-ը:

«Կանգնեցուր կրակը» (‘Cessez Le Feu’) ցուցահանդէսը մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ ինչպէս պատկերելու բարդութեամբ, այնպէս ալ առհասարակ իր գոյութեամբ, որովհետեւ նկարիչը իր ուրոյն կտաւները կը ստեղծէ յատուկ գործիքի` զօդիչի օգնութեամբ:

Աղբիւրին համաձայն` Պողոսեանին ոգեշնչած են ՄԱԿ-ի 17 նպատակները մեր աշխարհի վերափոխման համար` տնտեսական աճի խթանում, կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային պաշտպանութեան եւ զբաղուածութեան ապահովման շատ մը հարցերու լուծում, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքար եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցեր:

«Անոր աշխատանքները շատ աւելին են, քան պարզապէս նկարներ ըլլալը, չէ՞ որ նկարիչը կը միաւորէ ստեղծագործութիւնը ՄԱԿ-ի մշակութային, ընկերային եւ մարդասիրական առաքելութեան հետ: Ժան Պողոսեան կը ցանկայ, որպէսզի անոր աշխատանքները նպաստեն մեր խղճի եւ արուեստի հետ անհատական փոխգործակցութեան ձեւաւորման»,` ամփոփած է աղբիւրը: