25 Մայիս, 2019-ին, Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, թեմիս 36-րդ պատգամաւորական ժողովին (Օթթաուա), ներկայութեամբ 40 պատգամաւորներու, վերընտրուեցաւ գանատահայոց թեմի առաջնորդ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։
Վերընտրեալ Սրբազան հայրը, 2 Յունիս, 2019-ի Կիրակի առաւօտեան, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան թափօրով ու
«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ եկեղեցի մուտք գործեց եւ դէպի Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ, այնտեղ իրեն առընթերակայ ունենալով թեմիս Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սակաւագներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ ղեկավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի։
Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան յանուն Ծխական խորհուրդի, յարակից մարմիններուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր վերընտրութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց ի նպաստ գանատահայոց թեմի առաջնորդութեան գործունէութեան վերելքին։ Ապա հրաւիրեց Սրբազան հայրը փոխանցելու իր պատգամը։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան գնահատեց տիկին Հերա Գաւուքեանը եւ իր ընտանիքը, եկեղեցւոյ Հիմնադրամին կատարած սրտաբուխ իրենց նուիրատուութեան առթիւ, ի յիշատակ ննջեցեալ Կարօ Գաւուքեանի։ Ապա ընտանիքի ներկայութեան օրհնեց հիմնադրամի ծառին վրայ զետեղուած տերեւը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաները։ Ննջեցեալին հոգւոյն համար կարդացուեցաւ «Հոգւոց»։
Ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան հօր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր Ծխական խորհուրդի կողմէ։ Ներկաները շնորհաւորեցին Սրբազան հայրը եւ ծառայութեան յառաջիկայ հնգամեակին առթիւ մաղթեցին քաջառողջ եւ արեւշատ կեանք, որպէսզի ան շարունակէ աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր իր բոլոր ծրագիրները ի պայծառութիւն եւ ի հզօրացում մեր թեմին։
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներու բարեմաղթանքներուն եւ ազնիւ զգացումներուն համար։