Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Ծուխը Կը Տիրանայ
Ընդարձակ Սեփական Իր Կալուածին
Իշխանական Բարերարութիւն Կարօ Տօնոյեանի Կողմէ
Անցեալ շաբթուայ ընթացքին տենդոտ յաջորդական խորհրդակցութիւններէ եւ գործառնութիւններէ ետք Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի գործունեայ երիտասարդ անդամ եւ Թեմի Կալուածոց Մարմնի նորընտիր ատենապետ իրաւաբան Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան տեղեկացուց թէ ծուխի կողմէ, Օթթաուայի քաղաքապետարանին կատարուած առաջարկը ընդունուած է եւ այսպէսով ծուխը տէր կը դառնայ Օթթաուայի 5065 Thunder Road հասցէով, մօտ 250 000 քառակուսի ոտք տարածքով հողաշերտին, որուն վրայ կը գտնուի նաեւ յարաբերաբար փոքր կառոյց մը որ բնականաբար պիտի ենթարկուի վերանորոգման կարեւոր աշխատանքի մը:
Անցեալ Մայիս 24-25 շաբաթավերջին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցած Գանատահայոց Թեմի տարեկան Պատգամաւորական Ժողովէն ի վեր Ս. Մեսրոպ ծուխի ներկայացուցիչները, խորհրդակցաբար Թեմի Աւանդապահ Կալուածոց մարմնին եւ Թեմական Խորհուրդին եւ նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանին մեղուաջան աշխատանքի ձեռնարկած էին վերոյիշեալ հասցէով, այս գեղեցիկ կալուածը կարենալ ձեռք ձգելու համար: Սկսելով Պատգամաւորական Ժողովի եզրափակիչ ճաշկերոյթի ընթացքին կատարուած հանգանակութեան առաջին քայլերէն ուր բազմաթիւ ազգայիններ կարեւոր գումարներով նուիրատուութիւններով իրենց գործնական քաջալերութիւնը ցոյց տուած էին ծուխը սեփական կալուածով օժտելու նախաձեռնութեան՝ այդ աշխատանքը իր որոշիչ եզրակացութեան հասած էր մանաւանդ երբ Օթթաուաբնակ ազնիւ եւ գիտակից ազգայիններէն Պրն. Կարօ Տօնոյեան իշխանական իր 150 000 տոլարի նոր նուիրատուութեամբ թոյլ տուած է որ ծուխը 350 000 տոլարի առաջարկով Օթթաուայի քաղաքէն գնէ այս լայնածաւալ կալուածը:
Գանատայի Թեմի բազմաթիւ ծուխերուն մէջ, մայրաքաղաք Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ ծուխը յարաբերաբար փոքր ծուխ մըն է որ իր եկեղեցական եւ հոգեւոր առաքելութիւնը կը կատարէ մինչեւ այսօր, մօտ 2000 հոգի հաշուող այդ քաղաքի հայ բնակչութեան համար, բարեկամ եկեղեցւոյ մը մէջ որոշ Կիրակի օրերուն, կէսօրէ ետք անյարմար ժամերուն:
Երկար տարիներու երազ մըն էր սեփական կալուածի տիրանալու ծրագիրը որ այսպիսով կը դառնայ իրականութիւն: Բնականաբար տակաւին կը մնայ ընդարձակ այս կալուածին վրայ գտնուող շէնքը պատշաճ վերանորոգութեանց ենթարկելու կարեւոր աշխատանքը:
Կը շնորհաւորենք Ս. Մեսրոպ ծուխի Ծխական Խորհուրդը ատենապետութեամբ պրն. Յակոբ Տէօքմէճեանին, եւ անոր աջակից եկեղեցանուէր եւ ազգային ծառայութեան նուիրուած հոյլ մը մեր հայրենակիցները, հովիւ Տէր ՀայԱրի Թանաշեան-ը եւ Գանատահայոց ամբողջ Թեմը յատկապէս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան-ը այս գեղեցիկ նոր յաջողութեան համար: