Ստեփանակերտի մէջ կայացած է «Ես կառուցում եմ իմ հողի վրայ» գիրքին շնորհանդէսը

Արցախի Լրագրողներու միութեան գրասենեակին մէջ Երեքշաբթի՝ Յունիս 18-ին, տեղի ունեցած է լրագրող, ԱՀ գրողներու միութեան անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Վարդգէս Բաղրեանի «Ես կառուցում եմ իմ հողի վրայ» գիրքին շնորհանդէսը՝ նուիրուած Ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկ, Յովսէփաւան բնակավայրի հիմնադիր՝ Եուրի Ջհանգիրեանին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ, գրող Կիմ Գաբրիէլեան: Ողջունելով ներկաները, ան շնորհաւորած է հեղինակը հերթական հայրենասիրական նախաձեռնութեան՝ գիրքին լոյսընծայման առիթով:

««Ես կառուցում եմ իմ հողի վրայ» գիրքին մէջ զետեղուած են բաւական հետաքրքրական դրուագներ, որոնցմէ որոշ չափով տեղեակ էի եւ կրկին հնարաւորութիւն ունեցայ վերյիշելու: Ինծի համար առասպել էր Եուրի Ջհանգիրեանը, բայց անձամբ չէի ճանչնար զինք: Իրական հերոսութիւն էր անոր կողմէ կառուցել գիւղ՝ Խոջալուի մօտ, ուր հաստատուած էր թրքական օմոնը, եւ ժողովուրդը կ՝ահաբեկէին ռուսական զինուորները: Մենք պէտք է մեր սերունդը դաստիարակենք այդպիսի մարդոց հերոսական արարքներով: Ճանչնալով անոնց՝ նոր սերունդը պիտի կարենայ պատկերացում կազմել Ղարաբաղեան շարժման մասին: Երբ գրական գործը կը դառնայ պատմութեան վաւերագրութեան նմուշ, անիկա աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՝ունենայ, քան զուտ տեղեկատւութիւնը: Յոյսով եմ բոլոր ժամանակներու սերունդներն ալ պիտի անդրադառնան նման հերոսական փաստագրութիւններու»,- մասնաւորապէս ըսած է Կ.Գաբրիէլեան:

Գիրքի հեղինակ Վարդգէս Բաղրեան շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն՝ հնչեցուցած կարծիքներուն համար եւ նշած, որ գիրքի համահեղինակ է նաեւ Եուրի Ջհանգիրեանի դուստր Էլմիրա Ջհանգիրեանը: Ան նշած է, որ մինչեւ Ղարաբաղեան շարժումը ինքը արդէն ծանօթ էր Եուրի Ջհանգիրեանի հետ:

«Այն հսկայական գործը, որ ըսած է Եորի Ջհանգիրեանը՝ պարզապէս անգնահատելի է: Այդպիսի ժամանակաշրջանի մը անոր կողմէ կառուցուած եւ այժմ ալ շէնցող Յովսէփաւանը այսօր Արցախի լինելիութեան վկայութիւնն է: Համոզուած եմ, որ ժամանակի ընթացքին Ջհանգիրեանի եւ անոր նման հերոսներու գործն ալ աւելի պիտի արժեւորուի: Պիտի խոստովանիմ, որ ինծի համար շատ դժուար էր աշխատիլ նման յուզիչ գիրքի մը վրայ, քանի որ անոր ընտանիքը շատ ողբերգական ճակատագիր ունեցած է, բայց նոյնիսկ այդ ողբերգականութեան մէջ հերոսութիւն կար: Մեր՝ գրողներուս պարտքն է Եուրի Ջհանգիրեանի նման արժանաւոր մարդոց մասին գրելը ու անոնց կատարած աշխատանքը կրկին անգամ արժեւորելը»,-մասնաւորապէս ըսած է ան:

Շնորհանդէսին ներկայ Եուրի Ջհանգիրեանի դուստր Էլմիրա Ջհանգիրրեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն՝ իր հօր յիշատակը վառ պահելու, կատարած աշխատանքը գնահատելու եւ նման վերաբերմունքի արժանացնելու համար:

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են ԱՀ գրողներու միութեան անդամներ, Եուրի Ջհանգիրեանի հարազատներ եւ ընկերներ: