Տարեց Քաղաքացիներու Նուիրուած Օր

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ տարեկան ծրագրի մէջ: Տարեցներու Օրուան նուիրուած ձեռնարկը իր հիմնական տեղն ունի: Քանի որ արդէն աւանդութիւն դարձած է տարին անգամ մը մեր տարեցները հրաւիրել եկեղեցի Սուրբ Պատարագի, թէեւ տարուայ ընթացքին եկեղեցւոյս Այցելութեան Յանձնախումբը Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի հետ միասին, կանոնաւոր կերպով կայցելէ տարեցներու տուները, բայց Ս. Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, ներկայ ըլլալ Սուրբ Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալը տարբեր իմաստ ունի իրենց համար: Այն շատ զգալի կըլլայ երբ վերացած աղօթք կը մրմնջան եւ կստանան Ս. Հաղորդութիւն:

Սոյն հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ, Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019-ին: Օրեր առաջ այցելութեան յանձնախումբի անդամները, իրենց շուրջ հաւաքած եկեղեցասէր տիկիններ, լծուած էին աշխատանքի, լաւագոյն կերպով կազմակերպելու անոնց ժամանումը, հիւրասիրութիւնը եւ ապա ապահով մեկնումը:

Այդ օրը, ժամը 10.30ին արդէն բաւական թիւով տարեցներ եւ հրաւիրեալներ ամանած էին եկեղեցի, ուր թեմիս փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան մատուցեց Ս. Պատարագ եւ բաշխեց Ս. Հաղորդութիւն: Աւարտին իր քաջալերական եւ մխիթարական խօսքին մէջ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը:

Հոգեպէս բաւարարուած ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահը, ուր գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանները գարնանային շունչ բերած էին:

Օրուայ հանդիսավարուհի Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, յանձնախումի անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ան հրաւիրեց Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան, որ օրհնէ սեղանները: Ախորժաբեր աղանդները եւ տիկնանցի կողմէ պատրաստուած եւ սպասարկուած ճաշն ու անուշեղէնը համով էին եւ ախորժակները բացուած, տիկինները ջանք չէին խնայած բոլորի պահանջքները կատարելու:

Օրուայ մթնոլորտը խանդավառեց պրն. Մհեր Մինասեան, երգելով անցած օրերու պարեղանակներով, կրցաւ պարի հարթակը միշտ զբաղ պահել, ուրախ էին եւ ժպիտ կար բոլորի դէմքին:

Արդէն ժամն էր մեկնելու: Տէր Հօր շնորհակալական խօսքէն ետք, լաւ տրամադրութեամբ հրաժեշտ առին ու մեկնեցան իրենց հետ տանելով ուրախ օրուայ մը յիշատակը մաղթելով որ յաջորդ տարի բախտը ունենան կրկին անգամ մասնակցելու այս շատ հաճելի ձեռնարկին:

Վարձքը կատար բոլորին, հաւաքոյթը ծառայած էր իր նպատակին: